Տարբեր երկիրներէ 23 խորհրդարանականներ կը պահանջեն արցախահայերու վերադարձը

«Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ Նոյեմբեր 15-ին հրատարակուած կոչի մը մէջ, տարբեր երկիրներէ (Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Պելճիքայէն, Դանիայէն, Կիպրոսէն եւ այլ երկիրներէ) եւ տարբեր հոսանքներէ 23 խորհրդարանականներ կը պնդեն, թէ արցախահայերու հարցը «ոչ թէ սահմաններու կամ ցեղային պատկանելիութեան հարց է, այլ՝ ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց» հարց մըն է։

Ստորագրողները կը յիշեցնեն, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը 2023 Նոյեմբեր 17-ին հրահանգած էր Ազերպայճանին՝ ապահովել հայերու անվտանգ, արժանապատիւ եւ անարգել վերադարձը։

Անոնք կը դատապարտեն, որ երկու տարի ետք այդ որոշումը չէ գործադրուած։

Խորհրդարանականները կահազանգեն, որ Ազերպայճան կը շարունակէ ջնջել հայկական հետքերը, գոյքերը եւ ժառանգութիւնը՝ կատարելով «ցեղային զտում» եւ յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ։ Անոնք կոչ կընեն միջազգային հանրութեան՝ դադրեցնելու անգործութիւնը եւ կիրարկելու միջազգային իրաւունքը։

Ստորագրողներու շարքին են՝ ՖրանսուաԶաւիէ Պելամի, Էթիէն Պլան, ԺիլպէրԼիւք Տըւինազ, Լուքաս Ֆուռլաս, Նաթալի Լուազօ, Էմանիւէլ Մանտոն, Ալեքսանտրա Մանտոն, Գոսթաս Մաւրիտես, Իզապէլ Սանթիակօ։