Ալիեւ. «Ազերպայճանի մէջ Զանգեզուրի միջանցքի շինարարութիւնը կը մօտենայ աւարտին»

Պաքուի բռնապետը յամառօրէն կը շարունակէ գործածել «Զանգեզուրի միջանցք» գրգռիչ եզրը եւ այլեւս ակնյայտ, է թէ այդ կ՚ընէ դիտումնաւոր։

Այսպէս, Ալիեւ Թաշքենդի մէջ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններու ղեկավարներու 7-րդ խորհրդակցական հանդիպումին յայտարարած է, թէ՝ «Ազերպայճանի մէջ Զանգեզուրի միջանցքի շինարարութիւնը կը մօտենայ աւարտին»։

Վստահ եմ, որ այս Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ Ազերպայճանը Նախիջեւանի հետ կապելու վերաբերեալ, պիտի նպաստեն միջազգային փոխադրումներու տարանցիկ հնարաւորութիւններու ընդլայնման”,աւելցուցած է ան, ըստ ազերպայճանական APA գործակալութեան։