Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող Վիգէն Էօլճէքեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած է

Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերի Վիգէն Էօլճէքեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած է. ան չի կրնար քալել, ունի անուաթոռի կարիք, որ իրեն չեն տրամադրեր։ Այս մասին ահազանգած է արժանթինահայ փաստաբան Լուսիանա Մինասեան։

Փաստաբանուհին յայտնած է, որ Նոյեմբեր 16-ին Վիգէն Էօլճէքեանը կարճ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր ընտանիքի անդամներուն հետ, որ առաջինն էր վերջին 45 օրերուն ընթացքին։ 45 օր Ազերպայճան թոյլ չէ տուած որեւէ տեսակի հաղորդակցութիւն։

Այդ զրոյցին ընթացքին Էօլճէքեանը ընտանիքի անդամներուն յայտնած է, որ այլեւս չի կրնար քալել, ֆիզիքական վիճակը կտրուկ վատթարացած է, այժմ կարիք ունի անուաթոռի, բայց իրեն չեն տրամադրեր։ Ան հաղորդած է, որ զինք տարած են բժիշկին, սակայն ուղեկցող բանտապահները թոյլ չեն տուած, որ ինք որեւէ դեղորայք ստանայ։ «Հակառակ անոր առողջական վիճակին՝ ան ոչ մէկ բժշկական օգնութիւն ստացած է, կը շարունակէ մնալ առանց բժշկական օգնութեան, ինչ որ խախտում է մարդասիրական հիմնական չափանիշերու»,– կը նշէ Մինասեան։

Վիգէն Էօլճէքեան նաեւ յայտնած է, որ ինք պատշաճ սնունդ չի ստանար, միակ սնունդը, որ իրեն կը տրամադրեն՝ թէյ ու հաց է։ Լուսիանա Մինասեան շեշտած է, որ սա դիտաւորեալ կերպով անձը զրկանքի ենթարկելու քայլ մըն է ու մարդու արժանապատւութիւնը նուաստացնող անմարդկային վերաբերում։ Փաստաբանը կը խնդրէ ապահովել անկախ բժշկական գնահատում, պատշաճ սնունդի եւ անհրաժեշտ դեղորայքի տրամադրում եւ անուաթոռ մը։

Ազերպայճան Վիգէն Էօլճէքեանն ու Մարալ Նաճարեանը Արցախի մէջ ապօրինի ձերբակալած եւ Պաքու տարած էր 2020 Նոյեմբեր 10-ին՝ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն մէկ օր ետք։ Էօլճէքեան ցայսօր կը շարունակէ ապօրինի պահուիլ Պաքուի բանտին մէջ. Պաքուի դատարանը շինծու դատավարութեամբ զայն դատապարտած է 20 տարի բանտարկութեան։