Հայաստանցի եւ ֆրանսացի ուսանողները պիտի համատեղեն իրենց ուժերը քաղաքաշինութեան եւ կանաչապատման զարգացման ուղղութեամբ։
Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետերուն, ինչպէս նաեւ Լիոն Մեթրոփոլի նախագահին կողմէ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրի շրջանակին մէջ նախատեսուած է 5 հիմնական ուղղութիւններու՝ կանաչապատման եւ քաղաքաշինութեան, կրթութեան եւ երիտասարդութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի, նաեւ կայուն զբօսաշրջութեան ոլորտներու համապարփակ զարգացում։
Գործակցութեան շրջանակին մէջ, հայ եւ ֆրանսացի ուսանողներու միացեալ աշխատանքին շնորհիւ՝ո ւսանողները իրենց քաղաքաշինական յաջողփորձառութիւնները պիտի կիրարկեն երեւանեան թաղամասերուն մէջ։
Այս նախաձեռնութիւնը նաեւ իւրօրինակ կապ մը պիտի ստեղծէ Լիոնի ճարտարապետական Բարձր դպրոցի եւ Հայաստանի Ճարտարապետաշինարարական համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն միջեւ։