Երեւանի մէջ, Նոյեմբեր 18-ին տեղի ունեցած է Հայաստան-Ֆրանսա Առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի (CCIFA) հայաստանեան մասնաճիւղին բացման արարողութիւնը։ Հանդիսութեան մասնակցած է Հայաստանի Ելմտական նախարար Գէորգ Պապոյեան։
Նախարարը նշած է, թէ «Առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ նոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ ֆրանսական դրամագլուխի ներգրաւման, համատեղ ձեռնարկութիւններու ստեղծման եւ Հայաստանեան ապրանքներու՝ ֆրանսական ու եւրոպական շուկաներ մուտքին համար»։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Պալատը պիտի դառնայ հարթակ մը, ուր պիտի հանդիպին նոր գաղափարներ եւ նոր նախաձեռնութիւններ թէ՛ հայկական, թէ՛ ֆրանսական ընկերութիւններուն համար։

CCIFA-ն արդէն աւելի քան 30 տարի է կը ծառայէ որպէս տնտեսական երկխօսութեան եւ ռազմավարական համագործակցութեան հարթակ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ։ Անոր գործունէութեան նպատակն է աջակցիլ երկկողմանի ներդրումներու խթանման, մրցունակ ճիւղերու զարգացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ կայուն ու երկարատեւ տնտեսական գործընկերութեան։

Միջոցառումը տեղի ունեցած է «Երեւանի Կոնեակի Գործարան» ընկերութեան երդիքին տակ։ Մասնակցած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, ՀՀ Ելմտական նախարարի տեղակալ Լիլիա Սիրականեան, ինչպէս նաեւ գործարար շրջանակներու եւ դիւանագիտական համայնքի այլ ներկայացուցիչներ։ ■