Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան 30-ամեակը

 

Ֆրանսական աջակցութիւնը «անվերապահ եւ անսասան» է, կը հաւաստէ դեսպան Տըքոթինյի 

Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի ելոյթ ունեցած է Հայաստանի մէջ դեսպանատան 30-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին՝ յիշելով յարաբերութիւններուն սկիզբը 1995-ի «մութ ու ցուրտ տարիներուն»։

Դեսպանը շեշտած է, թէ «Երեսուն տարի Ֆրանսան միշտ եղած է Հայաստանի կողքին՝ թէ՛ լաւ, թէ՛ դժուարին պահերուն»։ Ան վերահաստատած է նախագահ Մաքրոնի խօսքերը, թէ ֆրանսական աջակցութիւնը Հայաստանին «անվերապահ է, բացարձակ է եւ անսասան»։

Տըքոթինյի ընդգծած է, որ Հայաստան ընտրած է ժողովրդավարութիւնը, դէպի Եւրոպա կը հայի եւ գտած է խաղաղութիւն կնքելու քաջութիւնը։ Անոր համոզումով՝  Հայաստան ունի կոչում՝ դառնալու տարածաշրջանի խաչմերուկ։

Դեսպանը նշած է նաեւ որ դեսպանատունը զգալիօրէն մեծցած է եւ այժմ կ՚ընդգրկէ Զարգացման ֆրանսական գործակալութիւնը եւ պաշտպանութեան հարցերու առաքելութիւնը, որոնք շրջադարձային կէտեր դարձան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։

Օլիվիէ Տըքոթինյի շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին (որ նուիրեց դեսպանատան շէնքը) եւ յատկապէս՝ տեղացի հայ աշխատակիցներուն, զորս ան որակած է դեսպանատան «հաստատութենական յիշողութիւնն ու ուժը»։

“Կեցցէ՛ Հանրապետութիւնը, կեցցէ՛ Ֆրանսան, կեցցէ՛ Հայաստանը եւ կեցցէ՛ ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնը”,– եզրափակած է դեսպանը։