Երրորդ անգամ ըլլալով, «Ակբա Բանկ»-ի գլխաւոր հովանաւորութեամբ, ֆրանսական շունչը՝ «Ֆրանքոֆեսթ»-ը տեղափոխուած է Երեւան։ Ֆրանսական գիրքի եւ արուեստի փառատօնին այս տարի ընթերցողներուն հայերէն թարգմանութեամբ ներկայացուած են չորս նոր գիրք։
Փառատօնի գլխաւոր հիւրը եղած է ֆրանսացի ժամանակակից գրող, փիլիսոփայ Փասքալ Պրիւքներ, որ ժամանած էր Հայաստան՝ մասնակցելու իր հեղինակած « Mon petit mari » («Իմ փոքրիկ ամուսինը») գիրքի հայերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսին։
Newmag Հրատարակչութեան ղեկավար Արտակ Ալեքսանեան նշած է. “Մեր գլխաւոր նպատակն է թարգմանել եւ Հայաստանի մէջ ներկայացնել ֆրանսալեզու ժամանակակից գրականութիւնը՝ գրաւելու համար ֆրանսերէն իմացող ուսանողները, դասախօսները եւ տարբեր լսարաններ։ Կը գնահատենք «Ակբա»-ի յանձնառութիւնը՝ աջակցելու ժամանակակից ֆրանսախօս եւ որակեալ բովանդակութեան ստեղծման”։
Գրող, փիլիսոփայ Փասքալ Պրիւքներ աւելցուցած է. “Ֆրանսական գրականութիւնը ներկայացնող այս փառատօնը նոր հնարաւորութիւն մը կը ստեղծէ ֆրանսացի գրողներուն համար։ Սա իմ առաջին գիրքն է Հայաստանի մէջ… ֆրանքեւհայկական կապերը աւելի քան մէկ դարու պատմութիւն ունին։ Գրականութիւնը կը կազմէ այդ համագործակցութեան մէկ մասը”։
Յիշեցնենք, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով՝ 49 երկիրներու հետ Հայաստան ներկայացուց համբաւաւոր Կոնքուռ մրցանակի իր թեկնածուն։ Ազգային դատակազմին ընտրութեամբ Կոնքուռի հայաստանեան դափնեկիրը դարձաւ Կաէլ Ֆայի «Ժաքարանտա» վէպը։