Հայաստան կ՚ընդլայնէ արհեստագիտական գործակցութիւնը Սիլիքոնի հովիտի հսկաներուն հետ

Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան Նոյեմբեր 19-ին եւ 20-ին Սիլիքոնի հովիտին մէջ բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունեցած է արհեստագիտական առաջատար ընկերութիւններու (Apple, Google, OpenAI, Anthropic, AMD, Synopsys եւ այլն) ղեկավարներուն հետ՝ ամրապնդելու համար երկրին արհեստագիտական ապագան։

Այս երկու օրերու ընթացքին դեսպանը քննարկումներ վարած է Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ), կիսահաղորդիչներու եւ ամպային ենթակառոյցներու ոլորտի ազդեցիկ դէմքերուն հետ, որոցմէ վեցը հայկական ծագում ունէին։

Բազմաթիւ ընկերութիւններ հետաքրքրութիւն յայտնած են Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու կամ գոյութիւն ունեցող ներգրաւումները ամրապնդելու ուղղութեամբ։

Բոլոր քննարկումներուն շեշտուած է Օգոստոս 8-ի Հայաստան-Միացեալ Նահանգներու միջեւ Արհեստական Բանականութեան եւ կիսահաղորդիչներու մէջ նորարարական գործընկերութեան մասին ստորագրուած Յուշագրի կարեւորութիւնը, որ կ՚ապահովէ ապագայ համագործակցութեան եւ արհեստագիտութիւններու փոխանցման հիմքը։

Ընկերութիւններ եւ քննարկումներ

– Apple: Քննարկուած են Հայաստանի մէջ գործելու համար անհրաժեշտ նախապայմանները։ Apple-ը մօտ ապագային պատուիրակութիւն պիտի ղրկէ Հայաստան։

OpenAI: Քննարկուած են ԱԲ-ն կրթութեան, առողջապահութեան եւ արդիւնաբերութեան մէջ կիրարկելու կարելիութիւնները։ OpenAI-ն մօտ ապագային համագործակցութեան յատուկ առաջարկ պիտի ներկայացնէ հայկական կողմին։

Anthropic: Քննարկուած են համագործակցութեան կարելիութիւնները կրթութեան, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան եւ STEM (Գիտութիւն, Արհեստագիտութիւններ, Ճարտարագիտութիւն եւ Ուսողութիւն/Mathématiques) ոլորտներուն մէջ, Հայաստանին անհրաժեշտ նորագոյն ԱԲ գործիքներու ներկայացման հեռանկարով։

Google: Հանդիպումը կեդրոնացած է ԱԲ-ի զարգացման եւ Google Arts and Culture-ի միջոցով հայկական մշակութային ժառանգութեան թուայնացման ուղղութեան վրայ։

AMD եւ Synopsys: Քննարկուած են Հայաստանի մէջ ընկերութիւններու գործունէութիւնը ընդլայնելու եւ ԱՄՆ-ու հետ Յուշագրի միջոցով բարձրակարգ արհեստագիտութիւններու փոխանցման աջակցութիւն ապահովելու հարցերը։

Open Compute Project (OCP) եւ Amaros: Քննարկուած են համագործակցութեան հեռանկարները տուեալներու մշակման (data-center) արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ ԱԲ-ի վրայ հիմնուած առողջապահական (health-tech) արհեստագիտութիւններու զարգացման մէջ։