Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ Նոյեմբեր 21-ին տեղի ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող փողոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած են նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեան։

Իր խօսքին մէջ, նախարար Անդրէասեան նշած է, որ երկու ժողովուրդներու փոխադարձ յարգանքի, բարեկամութեան եւ մշակութային համագործակցութեան պատմութեան մէջ կարեւոր էջ մը կը բացուի։
“Մեսրոպ Մաշտոց ոչ միայն հայ ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային ինքնութեան հիմնասիւներէն է, այլեւ մարդկային քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն նուիրեալներէն։ Անոր ձգած ժառանգութիւնը դարերու խորքէն մեզի փոխանցած է կրթութեան, մշակոյթի եւ պատմական յիշողութեան կամուրջը”,– նշած է նախարարը։

Ան աւելցուցած է, որ այս տարուան Ապրիլին Երեւանի Աւան վարչական շրջանի Ալմաթի փողոցին յարակից տարածքին մէջ գտնուող զբօսայգին անուանակոչուած է ղազախական գրականութեան հիմնադիր Ապայ Քունանպայեւի անունով։
“Երեւանի մէջ՝ Ապայի պուրակին, եւ այժմ այստեղ՝ Մաշտոցի փողոցին մէջ, կարծես երկու մշակոյթներու միջեւ կը ստեղծուին կամուրջներ, որոնցմով կ՚անցնին ոչ միայն անուններ, այլեւ արժէքներ՝ խաղաղութիւն, կրթութիւն եւ բարեկամութիւն։ Վստահ եմ, որ Մաշտոցի փողոցի բացումը նոր սկիզբ է՝ մեր ժողովուրդներու մշակութային եւ կրթական կապերու խորացման համար”,– ըսած է Անդրէասեան։

Միջոցառման ներկայ Ղազախստանի Մշակոյթի եւ տեղեկատւութեան նախարար Աիտա Պալաեւա եւս ընդգծած է, որ Ասթանայի մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող փողոցին բացումը կարեւոր իրադարձութիւն է։
“Այսօր կարեւոր խորհրդանշական միջոցառում է՝ ի նշան երկու երկիրներու բարեկամութեան։ Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութիւնը կը վկայէ, որ մշակոյթը կը սկսի լեզուէն, իսկ հասարակութեան զարգացումը՝ կրթութենէն։ Ղազախստանն ու Հայաստանը ամուր բարեկամական կապեր ունին”,– նշած է ան։
Յիշեցնենք, որ Մհեր Գրիգոորեան եւ Ժաննա Անդրէասեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ Նոյեմբեր 20-21-ին պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէին Ղազախստան։