Համացանցի վրայ լուսանկար մը կը տարածուի, որուն մէջ ներկայացուած է դիմում մը՝ ուղղուած Գարեգին Բ.-ին։ Դիմումին մէջ բարձր դասի հոգեւորականներ կը դիմեն անոր եւ կը խնդրեն ու կը յորդորեն առժամաբար կասեցնել Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ Խաչատրեանի պաշտօնավարութիւնը բոլոր պաշտօններուն մէջ եւ անոր ծառայութիւնը եկեղեցւոյ մէջ։
Նշենք, որ տարածուող փաստաթուղթին մէջ նշուած են դիմող հոգեւորականներուն անունները, որոնք ստորագրած են վերոնշեալին տակ։
Զայն կը ներկայացնենք ստորեւ.-

Յիշեցնենք, որ համացանցի վրայ տարածուած էր տեսանիւթ մը, որուն մէջ, ըստ պնդումներու, Արշակ Խաչատրեանը խիստ անձնական բնոյթի գործողութիւններու մէջ է իր քեռակնոջ հետ։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տեսանիւթերու տարածման դէպքին առթիւ քննութեան նախաձեռնած է։