ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Արուեստի եւ մշակոյթի նուիրուած կանխահաս համաժողովը

Նո­յեմբե­ր 20-21-ին Սփիւռքի յանձնա­կատա­րի գրա­սենեակը կազ­մա­կեր­պած էր «Արուես­տի եւ մշա­կոյ­թի հա­մաժո­ղով»-ը, գոր­ծակցու­թեամբ նո­րայայտ «Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի եւ արուես­տի մի­ջազ­գա­յին հա­մակարգման խոր­հուրդ»-ին, Սփիւռքէն եւ Հա­յաս­տա­նէն շուրջ եր­կու հա­րիւր յի­սուն հրա­ւիրեալ­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ։ Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մաժո­ղով­նե­րը նոյ­նիսկ եթէ հա­մազ­գա­յին հար­ցեր չեն լու­ծած, գէթ օգ­տա­կար եղած են տար­բեր եր­կիրնե­րէ փու­թա­ցած մաս­նա­կից­ներ ի­րարու ծա­նօթացնե­լու առումով։ 

Սոյն հա­մաժո­ղովի գլխա­ւոր յատ­կա­նիշը արուես­տի եւ մշա­կոյ­թի նուիրուած ըլ­լալն էր։ Վեր­ջա­պէս յա­ւակ­նոտ նա­խաձեռ­նութիւն մը, որով թէ՛ արուես­տը եւ թէ՛ մշա­կոյ­թը ազ­գա­յին ինքնու­թեան հիմ­նա­կան ար­տա­յայ­տութիւններ ըլ­լա­լով՝ նման ձեռնարկ առիթ կ՚ըն­ծա­յէ Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ծի­րէն ներս ըն­կա­լումնե­րու, փոր­ձա­ռու­թիւննե­րու բազ­մա­թիւ տա­րըն­թեր­ցումնե­րու։ Նկա­տի առած Հա­յաս­տա­նի ներ­կայի ներ­քա­ղաքա­կան փո­թոր­կա­լի վի­ճակը ու անոր ազդեցութիւննե­րը Հա­յաս­տան-Սփիւռք փոխ­յա­րաբե­րու­թիւնե­րուն վրայ՝ նման վեր­նագրով հա­մաժո­ղովի ծրագ­րումը բնա­կան է որ գնահատուի յա­խուռն, կամ կի­սատ ու նոյ­նիսկ՝ ձա­խող։ 

Հա­մաժո­ղովը սահ­մա­նած էր չորսկէ­տանի նպա­տակ. անոնցմէ առա­ջինն է նպաս­տել Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռքի միջեւ մշա­կու­թա­յին հա­մագոր­ծակցու­թեան կա­յուն զար­գացման։ Գրե­թէ անի­րագոր­ծե­լի նպա­տակ մը, նկա­տի ունե­նալով ներ­կա­յիս Սփիւռք-Հա­յաս­տան փոխ­յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ծայր աս­տի­ճան լա­րուած վիճակը։ Եւ այս երե­ւոյ­թը զգա­լի էր ի տես թէ՛ մաս­նա­կից սփիւռքա­հայե­րու սահ­մա­նափակ աշ­խար­հա­գ­րութե­ան, որոնց մե­ծամաս­նու­թիւ­նը Եւ­րո­պայէն էր, բա­ցակայ էին Մի­ջին Արե­ւել­քը, Հա­րաւա­յին եւ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րիկա­ներ եւ Ռու­սաստա­նը…եւ թէ՛ մշա­կու­թա­յին մար­զին մէջ եր­կար ան­ցեալ ու աւանդ ու­նե­ցող կազ­մա­կեր­պու­թիւննե­րու բա­ցակա­յու­թեան, ինչ­պէս՝ Եկե­ղեցի­ները, ՀԲԸՄ-ը, Հա­մազ­գա­յի­նը, Կիւլպէնկեանը, մշա­կոյթի տու­ներն ու ըն­կերակ­ցութիւննե­րը, կրթա­կան հաս­տատութիւննե­րը…։ Զար­մանա­լի­օրէն բացա­կայ էին Հայաս­տա­նի մէջ կայք հաս­տա­տած ու մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչում գտած կա­ռոյց­նե­րը եւս, ինչ­պէս՝ Թու­մօն, COAF-ը…։ Իսկ լրասփիւռ­նե­րը գրե­թէ լուռ ան­ցան, ան­տե­սելով այս հա­մաժո­ղովը։

Երկրորդ կէ­տը՝ հայ արուես­տա­գէտ­նե­րու փո­խադարձ ճա­նաչման ընդլայ­նու­մն էր. ինքնըստին­քեան դժուար իրա­գոր­ծե­լի նպա­տակ մը, որով­հե­տեւ արուես­տա­գէտ­նե­րը կը ճանչցուին իրենց գոր­ծե­րով, իրենց արուես­տով, իսկ հա­մաժո­ղովը ցու­ցադրու­թեան վայր չէ, թէեւ նա­խատե­սուած էր Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ «Մո­դեռ­նիզմի հոս­քեր. Սփիւռքա­հայ ար­ուեստը եր­կա­թէ վա­րագոյրից այն կողմ» խո­րագ­րով ցու­ցա­հան­դէսին բա­ցու­մը, ուր սա­կայն ցու­ցադրուած գոր­ծե­րը կը պատ­կա­նէին ար­դէն մա­հացած սփիւռքա­հայ արուես­տա­գէտնե­րուն եւ ոչ՝ հա­մաժո­ղովի մաս­նա­կից­նե­րուն։ Նոյնն էր պա­րագան «Ժա­մանա­կակից հայ գրող­նե­րու գրքե­րու ցու­ցա­հան­դէս»-ին, գիրքեր որոնց հե­ղինակ­նե­րը մեծ մա­սամբ մա­հացած էին կամ բա­ցակայ։

Իսկ եր­րորդ կէ­տը կը վերաբերէր Սփիւռքի մաս­նա­գէտ­նե­րու ներգրաւ­մամբ աջակ­ցութեան՝ մշա­կու­թա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան մշա­կման ու իրա­կանա­ցման։ Շատ էական նպա­տակ մը, որուն մա­սին ակ­նարկներ կա­տարուեցան պար­զա­պէս ընդգծե­լու համար Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան եւ Սփիւռքի կա­ռոյցնե­րուն մէջ մշա­կու­թա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան բա­ցակա­յու­թիւնը։ 

Չորրորդ կէտն ալ ածան­ցուած է եր­րորդին։ Մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ յա­տկապէս նշուեցաւ նաեւ ան­կախ Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թեան մը չգո­յու­թեան պա­րագան, որ մշա­կոյ­թն ու արուես­տը կա­խեալ կը դարձնէ Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թե­նէն։ 

Ուրիշ յատ­կանշա­կան երե­ւոյթ մըն ալ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան վեր­նա­խաւին բացակայութիւնն էր այս հա­մա­գումարին, ինչ որ կը ստեղ­ծէր պա­տաս­խա­նատ­ւութեան մեծ բաց մը։ Բնա­կա­նա­բար պայ­ման չէ որ երկրին վար­չա­պետը կամ նա­խագա­հը ներ­կայ ըլ­լան հա­մաժո­ղովին։ Սա­կայն, որպէս հա­մա­ժո­ղովի գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ՝ Սփիւռ­քի գլխա­ւոր յանձնա­կատա­րին ու Կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի ու մար­զանքի նա­խարա­րին բա­ցակա­յու­թիւ­նը նիս­տե­րուն ու փակ­ման արա­րո­ղու­թեան, ար­տա­սովոր էր ու հար­ցա­դրում­նե­րու դուռ բա­ցաւ։ 

Փո­խարէ­նը, նո­րաս­տեղծ «Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի եւ արուես­տի մի­ջազ­գա­յին հա­մակարգման խոր­հուրդ»-ի նա­խագահ Գրիգոր Աժդերխանեան կա­տա­րեց համագումարին փակումը եւ նուէր­նե­րու յանձնման արա­րողու­թիւնը. ան, բազ­մա­թիւ ան­գամներ խօսք առաւ նիս­տե­րու աւար­տին ալ, փո­խան­ցե­լու պարզ պատ­գամ մը՝ «սոր­վիլ աշ­խա­տիլ իրա­րու հետ եւ զի­րար սի­րել», ինչ որ հե­ռու է մշա­կու­թա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան հիմք ծա­ռայե­լու ծրա­գիր ըլլալէ։

Ժ.Չ. ■