Պապը Անգարայի մէջ այցելած է Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի դամբարանը
Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԴ. Նոյեմբեր 27-ի կէսօրին ժամանած է Անգարա։ Թուրքիոյ մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետը դիմաւորած են կառավարութեան անդամները։
Սա Լեւոն ԺԴ.ի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է՝ Մայիսին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետ ընտրուելէն ետք։
Յառաջիկայ երեք օրերուն ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ երկրի տարածքին գործող քրիստոնէական եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներուն հետ։ Անոնց կարգին պիտի ըլլայ նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանը, որ պիտի մասնակցի Թուրքիոյ նախագահին կողմէ ի պատիւ Պապին կազմակերպուելիք պաշտօնական ընդունելութեան։
Բայց յիշեցնենք, որ այս այցելութեան բուն դրդապատճառը Նիկիոյ ժողովին 1700-ամեակն է։ Պապը ուխտագնացութիւն մը պիտի կատարէ դէպի Իզնիք (պատմական Նիկիա), ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա.-ի հետ, ինչպէս նաեւ՝ միասնական պատգամի մը հրապարակումը։
Նոյեմբեր 30-ին՝ Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին, Պապը պիտի այցելէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան՝ Սուրբ Աստուածածին պատրիարքական տաճարը։
Թուրքիայէն ետք, Լեւոն ԺԴ. պիտի անցնի Լիբանան, ուր պիտի մնայ Նոյեմբեր 30-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 2։ ■