Ֆրանսա որոշեց վերահաստատել զինուորական ծառայութիւնը, առայժմ միայն կամաւորութեան կարգով։ Այս մասին յայտարարեց նախագահ Մաքրոն Նոյեմբեր 27-ին, Իզէռի մէջ, Զինեալ ուժերու 27-րդ լեռնահրաձգային ջոկատ կատարած իր այցելութեան ընթացքին։
Ըստ նախագահին՝ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ «Ֆրանսա չի կրնար կրաւորական կեցուածք ցուցաբերել»։ Մաքրոնի համաձայն՝ բանակի շարքերը պիտի կարենան ամբողջացնել 18 եւ 19 տարեկանը բոլորած Ֆրանսայի քաղաքացիները։
“Կամաւոր ժամկէտային ծառայութիւնը պիտի տեւէ 10 ամիս եւ մասնակիցները պիտի վարձատրուին։ Այս ծրագիրը պիտի արժէ շուրջ 2 միլիառ եւրօ”,– ըսած է Մաքրոն՝ նշելով, որ սա «նշանակալի, սակայն անհրաժեշտ քայլ մըն է»:
Համաձայն այս ծրագրին՝ Ֆրանսա կ՚ակնկալէ մինչեւ 2035, տարեկան 50.000 երիտասարդ ներգրաւել բանակ։ ■