ՖԼՈՐԱՆՍԱ (Իտալիա) – Միջազգային գիտաժողով նուիրուած Թ.–ԺԴ. դարերու հայ եւ վրացի առաքինի կիներու

ՄԵԾԱՐԱՆՔ՝ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒ

Նոյեմբեր 24-25 Ֆլո­րան­սա­յի հա­մալ­սա­րանի SAGAS (Պատ­մութիւն, հնա­գիտու­թիւն, աշ­խարհագ­րութիւն, արուեստ եւ թատ­րոն) բա­ժինին մէջ կա­յացաւ մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղով՝ նուիրուած Թ.–ԺԴ. դա­րերու հայ եւ վրա­ցի առա­քինի կիներու։ Ձեռնարկը միաւո­րեց Գեր­մա­նիայէն, Իտա­լիայէն, Վրաս­տա­նէն, Հա­յաս­տա­նէն, ԱՄՆ-էն, Թուրքիայէն եւ Ֆրան­սա­յէն ժա­մանած ճանչցուած գիտ­նա­կան­նե­ր։

Գի­տաժո­ղովը կազ­մա­կեր­պուած էր Ֆլորան­սա­յի հա­մալ­սա­րա­նի բիւ­զան­դա­գիտու­թեան դասա­խօս եւ «Armenia Entangled» (ArmEn) եւ­րո­պական հե­տազօ­տական ծրա­գիրի ղե­կավար Զա­րա Պօ­ղոսեանի, ինչպէս նաեւ նոյն ծրա­գիրի ան­դամ, պատ­մա­բան եւ ձե­ռագ­րա­գէտ Գո­հար Գրի­գորեանի նա­խաձեռ­նութեամբ։

Գի­տաժո­ղովին ու­սումնա­սիրուեցաւ հայ եւ վրա­ցի կիներու դե­րը՝ որ­պէս եկե­ղեցի­ներու, վա­նական կեդ­րոննե­րու, կրթա­կան ու մշա­կու­թա­յին նա­խաձեռ­նութիւննե­րու հո­վանա­ւոր­ներ։

Բաց­ման խօս­քով ներ­կա­ներուն դի­մեց SAGAS բա­ժինի տնօ­րէն, փրոֆ. Ֆուլվիօ Չե­րուի­նին։ Ող­ջոյնի խօս­քով հան­դէս եկաւ նաեւ Հայ առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ Արեւմտեան Եւ­րո­պայի Հայ­րա­պետա­կան պա­տուի­րակ եւ Վա­տիկա­նի մէջ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Խա­ժակ արք. Պար­սա­մեան։ Ան ընդգծեց հայ եւ վրա­ցի կիներու մե­ծար­ժէք դե­րակա­տարու­թեան պատ­մա­գիտա­կան ու­սումնա­սիրու­թեան ան­հրա­ժեշ­տութիւ­նը եւ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց կազ­մա­կեր­պիչնե­րուն՝ մի­ջազ­գա­յին այսպի­սի հե­ղինա­կաւոր մաս­նա­գէտներ հա­մախմբե­լնուն հա­մար։

Սրբա­զան հայ­րը՝ յղում կա­տարե­լով Սուրբ Գիր­քին եւ պատ­մութեան՝ ընդգծեց, որ Նոր Կտա­կարա­նի մէջ կիները երկրոր­դա­կան կեր­պարներ չեն, այլ փրկա­գոր­ծութեան իրա­կան դե­րակա­տար­ներ։ Ան յի­շեցուց, որ Թ.–ԺԴ. դա­րերուն հայ եւ վրա­ցի թա­գու­հի­ներն ու իշ­խա­նու­հի­ները մե­ծապէս աջակ­ցած եւ նպաս­տած են եկե­ղեցի­ներու ու վան­քե­րու կա­ռուցման, կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րու հիմ­նադրմա­ն եւ արուես­տի գոր­ծե­րու ստեղծման։ Սրբա­զանին հա­մաձայն, այդ կիները ոչ միայն այդ գոր­ծընթաց­նե­րուն աջա­կից­ներ եղած են, այ­լեւ՝ գոր­ծուն առաջ­նորդներ, որոնց նուիրումն ու խո­րաթա­փան­ցութիւ­նը հա­սարա­կու­թիւններ ձե­ւաւո­րած են։

Սրբա­զանը ցա­ւով նաեւ նշեց, որ այս կիներու ժա­ռան­գութիւ­նը ցայսօր յա­ճախ թե­րագ­նա­հատուած կամ խե­ղաթիւ­րուած է աւան­դա­կան պատ­մագրու­թեան եւ ժա­մանա­կակից հան­րա­յին խօ­սոյ­թի մէջ։ Այս հա­մածիրին մէջ ան ընդգծած է նման մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղով­նե­րու կարեւորութիւնը՝ «երե­ւան բե­րելու մո­ռցուած էջե­րը» եւ «ձայն տա­լու այն կիներուն, որոնք դա­րեր շա­րու­նակ մնա­ցած են ստուերի մէջ»։

Գի­տաժո­ղովը շա­րու­նա­կուե­ցաւ մաս­նա­գիտա­կան զե­կոյցնե­րով եւ քննար­կումնե­րով, որոնք ուղղուած էին հայ եւ վրա­ցի քրիս­տո­նէական իրա­կանու­թեան պատ­մամշա­կու­թա­յին զար­գացման մէջ կիներու որո­շիչ դե­րի խոր­քա­յին ու­սումնա­սիրու­թեան։

Գի­տաժո­ղովի ամ­բողջա­կան ծրա­գիրը հա­սանե­լի է հե­տեւեալ յղումով՝ 

www.armen.unifi.it/p86.html