Ի՞նչ կ՚ըսէ Ար­շակ արք. Խա­չատ­րեան տեսանիւթերուն մասին

Իրենց խիստ անձնական բնոյթով առնուազն խնդրայարոյց տեսանիւթերու համացանցի վրայ յայտնուելէն ետք՝ վերջին օրերուն Մայր Աթոռին ուղղուած սլաքներուն գլխաւոր թիրախը դարձած՝ դիւանապետ Ար­շակ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Խա­­չատ­­րեան Factor TV-ի հար­­ցումին, թէ ար­­դ­եօք խախ­­տա՞ծ է կու­­սակրօ­­նու­­թեան ուխտը, պա­­տաս­­խա­­­նած է, որ այդ հար­­ցը «դուրս կ՚ել­­լէ բա­­րեկրթու­­թեան սահ­­մաննե­­րէն»։

“Դուք ուղ­ղա­­կի կը մտնէք իմ անձնա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու դաշ­­տը։ Ոեւէ մէ­­կուն անդրո­­րո­վայ­­նա­­­յին (մէջ­­քէն վար — «ՆՅ») յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը չեն վե­­րաբե­­րիր ու­­րիշ ոեւէ մէ­կուն։ Իսկ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը կամ ոեւէ այլ անձ, երբ որ անդրո­­րովայ­­նա­­­յին տրա­­մաբա­­նու­­թեամբ կը շար­­ժի, կը նշա­­նակէ, որ իրենց հե­­տաքրքրու­­թիւննե­­րը բա­­ցառա­­պէս այդ ոլոր­­տին կը վե­­րաբե­­րին։ Մինչդեռ այդ բա­­ցար­­ձա­­­կապէս չի մտներ իշ­­խա­­­նու­­թիւն­նե­­րու եւ սո­­վորա­­կան ան­­ձե­­­րու իրա­­ւասու­­թեանց մէջ”, – նշած է ար­­քե­­­պիս­­կո­­պոսը։ ■