ՀՀ Քննչական կոմիտէն հաստատած է, որ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանին վերագրուող տեսանիւթերուն մէջ պատկերուած անձը ի՛նքն է։ Ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տրուած պատասխանին՝ դատատեսաձայնագրային եւ դիմանկարային փորձաքննութեան եզրակացութիւնը ստացուած է, եւ անոր պատճէնը տրամադրուած է նաեւ Մայր Աթոռի յատուկ յանձնախումբին։
Միւս կողմէ, Արշակ արքեպիսկոպոսի փաստաբան Արսէն Բաբայեան յայտնած է, թէ ստացած են Քննչական կոմիտէ ներկայանալու ծանուցումը, սակայն Սրբազանը կը մերժէ երթալ։
Փաստաբանին համաձայն՝ Արշակ արքեպիսկոպոս կը պնդէ, թէ անկարելի է վստահիլ «օրուան իշխանութեան քաղաքական յանձնարարութիւնները կատարող» մարմիններուն, ուստի չի ցանկար մասնակցիլ «առարկայականութենէ զուրկ» գործընթացին։