ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Վար­չա­պետ Փա­շինեան ներ­կայ գտնուած է Երե­ւանի Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ  պա­տարա­գին

 

Պա­տարա­գի խան­գարման եւ գրգռու­թեան պատ­ճա­ռով եր­կու հո­գի հե­ռացուած է եկե­ղեց­ւոյ տա­րած­քէն

Վար­չա­պետ Փա­շինեան Կի­րակի, Նո­յեմ­բեր 30-ին ներ­կայ գտնուած է Երե­ւանի Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած պա­տարա­գին։ Վար­չա­պետին հետ պա­տարա­գին ներ­կայ գտնուած են նաեւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանը, Երե­ւանի քա­ղաքա­պետ Տիգ­րան Աւի­նեանը եւ այլ ՔՊական­ներ։

Պա­տարա­գին մաս­նակցած է նաեւ գոր­ծա­րար Սա­մուէլ Կա­րապե­տեանի եղ­բօ­րոր­դին՝ Նա­րեկ Կա­րապե­տեանը, որ «Մեր ձե­ւով» շար­ժումը հա­մակար­գող խոր­հուրդի նա­խագահն է:

Արա­րողու­թեան ըն­թացքին դար­ձեալ չէ յի­շատա­կուած Գա­րեգին Բ.-ի անու­նը։ Այ­նուհե­տեւ, բան­տը գտնուող Բագ­րատ Գալստա­նեանի եր­կու աջա­կից­ներ սկսած են «Գա­րեգին Բ.՝ կա­թողի­կո՛ս» վան­կարկումներ հնչեց­նել որու պատ­ճա­ռաւ ալ հե­ռացուած են եկե­ղեց­ւոյ տա­րած­քէն:

Նշենք, որ Երե­ւանի Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեցին Կա­թողի­կոսը քննա­դատած ու Փա­շինեանի շնոր­հա­կալու­թեան ար­ժա­նացած հո­գեւո­րական­նե­րէն Նա­ւասարդ Կճո­յեանի առաջ­նորդած Արա­րատեան թե­մի եկե­ղեցի­ներէն է: