Սեւ ծովու թրքական ափերուն մօտ գրեթէ միաժամանակ հրդեհ ծագած է ռուսական քարիւղատար երկու նաւերու մէջ։
Շուտով պարզուած է հրդեհներուն պատճառը. յայտնի դարձած է, որ անոնք հարուած ստացած են ուքրանական անօդաչուներէ։
Անոնցմէ առաջինը Հնդկաստանէն Ռուսաստան ուղեւորուող «Kairos» քարիւղատարն է, որ յարձակման ենթարկուած է Թուրքիոյ ափէն 28 ծովային մղոն հեռաւորութեան վրայ։ Կարելի եղած է փրկել նաւուն անձնակազմին 25 անդամները։

Աւելի ուշ հաղորդուած է նաեւ երկրորդ քարիւղատար նաւու մը՝ «Virat»-ի հրդեհին մասին, որ նոյնպէս կը յառաջանար դէպի Ռուսաստան եւ կը գտնուէր Թուրքիոյ ափէն մօտ 35 ծովային մղոն հեռաւորութեան վրայ։ Ան ալ ենթարկուած է ուքրանական անօդաչուներու յարձակման։ Անոր 20 հոգինոց անձնակազմը եւս յաջողութեամբ փրկած են։
Կը նշուի, որ երկու քարիւղատար նաւերն ալ դատարկ էին։
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ մտահոգութիւն յայտնած է այս յարձակումներուն առթիւ։
«Սեւ ծովու բացարձակապէս մեր տնտեսական գօտիին մէջ տեղի ունեցած այս միջադէպերը լուրջ վտանգ ստեղծած են տարածաշրջանային նաւարկութեան, կեանքի, գոյքի եւ շրջակայ միջավայրի անվտանգութեան համար»,– նշուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Թէեւ Անգարա ուղղակի չէ դատապարտած Ուքրաինան, սակայն շեշտած է, որ կը շարունակէ շփումները համապատասխան կողմերուն հետ՝ Սեւ ծովուն մէջ պատերազմի տարածումը կանխելու եւ երկրի տնտեսական շահերը պաշտպանելու նպատակով։
Միւս կողմէ, Ղազախստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս բողոքի ձայն բարձրացուցած է՝ Նովորոսիսքի նաւահանգիստին մէջ Կասպեան խողովակաշարային ընկերակցութեան (ԿԽԸ) ենթակառոյցներուն վրայ ուքրանական յարձակման առնչութեամբ։
Աստանա ընդգծած է, որ սա յարձակողական երրորդ արարքն է զուտ քաղաքացիական թիրախի մը դէմ, ինչ որ կը վնասէ Ղազախստանի եւ Ուքրաինայի միջեւ յարաբերութիւններուն։
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 25-ին Ուքրաինայի զինեալ ուժերը յայտարարած էին յաջող հարուածի մասին Նովորոսիսքի Շեշխարիս նաւթային թերմինալին ուղղութեամբ, որ մաս կը կազմէ ԿԽԸ համակարգին։ Նախապէս՝ 2025 Փետրուարին եւս, թիրախաւորուած էին նոյն համակարգի ենթակառոյցները։ ■