Թալինի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Թադէ քահանայ Թախմազեանը եւս կարգալոյծ հռչակուած է

Դեկտեմբեր 3-ին, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է նաեւ Թալինի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Թադէ քահանայ Թախմազեանը։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռէն։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ տնօրինութեան համար հիմք ծառայած է Արագածոտնի թեմի վարչական խորհուրդի զեկուցագիրը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Պարգեւներու շնորհման եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի եզրակացութիւնը։ Ըստ այդմ՝ Թադէ քահանան վարկաբեկած է Եկեղեցին եւ եկեղեցականները, այդ կարգին՝ հրապարակային զրպարտիչ յայտարարութիւն տարածելով։

Բացի ատկէ, կը նշուի, որ ան կատարած է հակաեկեղեցական գործողութիւններ՝ մասնակցելով կարգալոյծ հռչակուած անձի մեղքին, իսկ պատարագներուն կամայականօրէն զանցած է Կաթողիկոսի եւ թեմակալ առաջնորդի անուններու յիշատակութեան հատուածը՝ փաստացի ժխտելով նուիրապետական կարգը, ինքզինք դուրս դնելով Եկեղեցիէն եւ, ըստ էութեան, յարելով հերձուածողական շարժման։

Ըստ Մայր Աթոռի՝ Տէր Թադէն եկեղեցական իշխանութեան նկատմամբ դրսեւորած է անհնազանդութիւն։ Կը նշուի, որ կարգալոյծ եկեղեցականը այսուհետեւ պիտի դասուի աշխարհականներու շարքին՝ Արամայիս Թախմազեան աւազանի անունով։

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 9-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թալինի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած էր Տէր Թադէի մատուցած Պատարագին։ Նախապէս, Թախմազեան քաղաքացիները հրաւիրած էր Յովհաննավանք՝ մասնակցելու Նոյեմբեր 2-ին կարգալոյծ քահանայ Ստեփան Ասատրեանի 2-րդ ծէսին, որուն մասնակցած էր նաեւ վարչապետը։ Թախմազեան մասնաւորապէս նշած էր, որ կողմ է կարգալոյծ հռչակուած Ստեփան Ասատրեանի (նախկին՝ Տէր Արամ քահանայ) «արդար ձայնին»։