Միքայէլ արք. Աջապահեան եւ Բագրատ Գալստանեան բանտախուցէն յայտարարութիւն մը տարածած են, որուն մէջ Արշակ արքեպիսկոպոսին եւ Վեհափառին հրաժարականը պահանջող Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տասը բարձրաստիճան առաջնորդները դաւաճան կ՚որակեն եւ միաժամանակ կը դիմեն Վեհափառին որ զանոնք կարգալոյծ հռչակէ։ Այսպէսով, Հայաստանի մէջ առանց դատ դատաստանի «դաւաճան» հռչակուածներուն շարքը կ՚երկարի տասը նոր եկեղեցական անդամներով։ Ի՛նչ պէտք է սպասել Եկեղեցիէն երբ բարձրաստիճան եկեղեցականները, քաղաքական ու պետական մարդոց նման, ինքնապաշտպանութեան իբր միջոց կը գործածեն հակառակորդը դաւաճան հռչակելը։
Զարմանալին այն է, որ այս երկու բանտարկեալ «արքեպիսկոպոս»-ները (որոնցմէ մէկուն՝ Գալստանեանի հոգեւորականի կոչումը «սառեցուած» է) իրենք զիրենք քաղբանտարկեալ կը սեպեն, արդարութիւն կը պահանջեն, սակայն չեն վարանիր իրենց քրիստոնեայ միաբան եղբայրները դաւաճան հռչակելու եւ կը պահանջեն անոնց կարգալուծութիւնը Վեհափառին միահեծան որոշումով։ Այս երեւոյթը կարեւոր ցուցիչ է այն հիւանդագին հոգեբանութեան, մտաւորական մակարդակին, որ կը տիրէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն մէկ մասին մէջ։
Եկեղեցիէն ներս տագնապը տեսանելի չէր, մինչեւ որ առաջին կայծը, առաջին քայլը նետեց քահանայ մը՝ Տէր Արամը, որ շուտով տարածում գտաւ մի քանի այլ տէրհայրերու մօտ, որմէ ետք կարգը հասաւ եպիսկոպոսներուն եւ արքեպիսկոպոսներուն։ Հարցը կարելի է քննել տարբեր դիտանկիւններէ՝ քաղաքական, եկեղեցական, պետական, հոգեւոր, ընկերաբանական, բարոյական, արդարադատական, օրէնսդրական…, սակայն, բոլորէն վեր տագնապը ներեկեղեցական է, եկեղեցականները իրե՛նք պէտք է լուծեն իրենց տագնապը, բայց, փախուստ կու տան զոհի, հալածեալի կերպար մը ստեղծած, անտեսելով ժողովուրդին ամէնօրեայ հոգերն ու կարիքները ։
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ այս պառակտուած տագնապալի վիճակին պատճառով՝ Վեհափառը բացակայեցաւ քրիստոնէական կարեւորագոյն տօնախմբութիւններէն՝ Նիկիոյ Հանգանակին 1700-ամեակի նշումի արարողութենէն, որուն մասնակցեցան քրիստոնեայ եկեղեցիներուն առաջնորդները, Լեւոն ԺԴ. պապին եւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ քահանայապետ՝ Բարթուղիմէոսի նախագահութեամբ։
Հակապատկերը ցնցիչ է՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ամլութեան դիմաց, նախանձելի է կաթողիկէ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. պապին կերպարը, որ իր քրիստոնէական պաշտօնին գլուխը՝ մարդկութիւնը յուզող բարոյական, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական հարցերուն դիմադրելու համար՝ խաղաղութեան, երկխօսութեան պատգամներ կ՚ուղղէ։ Այցելելով Պոլսոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը, յիշատակեց Ներսէս Շնորհալի Կլայեցին, որ կը ջատագովէր եկեղեցիներուն միասնականութիւնը բոլոր դաւանանքները յարգելով, այն ժամանակ այլազգի արշաւանքներուն դիմադրելու մտադրութեամբ։ Իսկ պատերազմէն հիւծած ու ներքին համայանքային անհամաձայնութիւններու մէջ մխրճուած լիբանանցի ժողովուրդին՝ Պապը յոյս, յարատեւութիւն եւ խաղաղութիւն մաղթեց, արժանանալով բացառիկ խանդավառ ընդունելութեան։ Օրինակելի պարագայ մը, յուսալով որ Հայ առաքելական եկեղեցին եւս կը վերագտնէ ժողովուրդը խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ճանապարհ առաջնորդելու իր դերակատարութիւնը։
Դեկտեմբեր 4-5-ին կը սպասուի Վեհափառին այցելութիւնը Մարսիլիա, յոյսով որ ֆրանսահայութեան կողմէ անոր ընդունելութիւնը ըլլայ պատշաճ ու պատասխանատու, նոյնիսկ եթէ խղճալի է Եկեղեցւոյ վիճակը։
Ժ.Չ. ■