Միրզոյեան եւ Քալաս կը զրուցեն
Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրաոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի 6-րդ հանդիպման աւարտին՝ կողմերը ստորագրած են գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգը։ Փաստաթուղթը ստորագրած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ԵՄ-ի Արտաքին գործոց ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Քայա Քալաս։
Այս առթիւ կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ ԵՄ-ի ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս, Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան գործակցութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ՝ ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակ։
“Մեր համագործակցութիւնը բարձրացուցինք ռազմավարական մակարդակի, սակայն սա մեր յաւակնութիւններուն վերջը չէ։ Հայաստանի խորհրդարանը Մարտ ամսուն օրէնք ընդունեց ԵՄ-ին անդամակցութեան մասին։ Այսօրուան հանդիպման ուղերձը շատ կարեւոր է՝ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութիւնը կը մտնէ նոր փուլ”,– ըսած է Միրզոյեան։
Նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ այս համագործակցութիւնը աւելի պիտի ամրապնդէ Հայաստանի դիմադրականութիւնը։ Ան նաեւ կարեւոր յայտարարութիւն մը կատարած է ապագայ ծրագրերուն մասին.
“2026 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ ՀՀ-ԵՄ առաջին վեհաժողովը։ Սա եւս կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ, եւ կ՚ակնկալեմ ձեզ տեսնել Երեւան”,– նշած է Արտաքին գործոց նախարարը։
Ռազմավարական օրակարգին մանրամասնութիւնները
Ըստ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի պատուիրակութեան՝ նոր ռազմավարական օրակարգը կը փոխարինէ 2017-ի առաջնահերթութիւնները եւ կը սահմանէ համատեղ գործողութիւններու աւելի յաւակնոտ շրջանակ։ Ան հիմնուած է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին (CEPA) վրայ եւ կ՚ընդգրկէ հետեւեալ բնագաւառները.
• Ժողովրդավարութիւն եւ արդարադատութիւն. Օրէնքի գերակայութիւն, մարդու իրաւունքներ եւ բարեփոխումներ։
• Տնտեսութիւն եւ կապ. Առեւտուրի բազմազանացում, ուժանիւթային անվտանգութիւն, թուային փոխակերպում եւ «Կլոպալ դարպաս»-ի ծիրէն ներս ռազմավարական ներդրումներ (ներառեալ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի աջակցութիւնը)։
• Անվտանգութիւն. Համագործակցութիւն ճգնաժամերու կառավարման, հիպրիտային սպառնալիքներու եւ համացանցային անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։
• Քաղաքացիներու շահեր. Վիզայի պարտաւորութեան ջնջման շուրջ երկխօսութիւն եւ տեղահանուած արցախահայութեան աջակցութիւն։
Փաստաթուղթը կը սահմանէ կարճաժամկէտ (3-4 տարի) եւ միջնաժամկէտ (7 տարի) առաջնահերթութիւններ՝ նպատակ ունենալով ապահովել շօշափելի օգուտներ քաղաքացիներուն համար եւ բարձրացնել Հայաստանի դիմադրականութիւնը։ ■