Արշակ արքեպիսկոպոս ձերբակալուած է. զինք բանտարկելու դիմում ներկայացուած է

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) Քննչական կոմիտէի շէնքին մէջ ձերբակալած է Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ սրբազանը։ Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբանը՝ Արսէն Բաբայեան։

Քրէական դատարանէն «Ազատութեան» տեղեկացուցած են, որ Արշակ Սրբազանի բանտարկութեան դիմումին քննութիւնը պիտի վարէ դատաւոր Մասիս Մելքոնեանը, որ նախապէս կայացուցած էր Միքայէլ սրբազանի եւ Բագրատ Գալստանեանի բանտարկութեան որոշումները։ Ըստ Արսէն Բաբայեանի՝ դատական նիստը նշանակուած էր Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5-ի առաւօտեան։

Քննչական կոմիտէէն նշած են, որ քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին անոր նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 393-րդ յօդուածի 2-րդ մասին առաջին եւ 4-րդ կէտերով (խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ թմրեցուցիչի ապօրինի փոխանցում՝ հանրային վայրի մէջ)։

Փաստաբանը աւելի ուշ մանրամասնած է, որ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը կը մեղադրեն 2018-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դէմ արարքի մասնակիցներէն մէկը վարկաբեկելու նպատակով՝ անոր պայուսակին մէջ թմրեցուցիչ դնելու յանցանքով։

Խօսքը «Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» շարժումին գործողութեան մասին է։

Յիշեցնենք, որ 2018 Յունիսին Կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջով ցոյցեր ու խաչերթեր կատարուած էին։ Հրաժարականը պահանջող խումբին անդամները կը պնդէին, թէ Գարեգին Բ.-ը իրականութենէն կտրուած է եւ որպէս հոգեւոր առաջնորդ՝ ան այլեւս ընդունուած ու սիրուած չէ ժողովուրդին կողմէ։