Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսը Դեկտեմբեր 3-ին հայրապետական մէկօրեայ այցելութեամբ մեկնած էր Զուիցերիա, ուրկէ երկօրեայ այցելութեան համար ժամանեց Մարսիլիա։ Ինչպէս յայտարարած էինք, ան կը մասնակցի Նոթր-Տամ տը լա Կարտ տաճարին մէջ տեղադրուած հայկական զոյգ խաչքարարերու բացումին, այնուհետեւ ալ տաճարի թանգարանին մէջ՝ «Հայկական գանձեր» ցուցահանդէսին բացման արարողութեան։
Դեկտեմբեր 4-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսը կ՚այցելէր Մարսիլիոյ Սրբոց Թարգմանչաց մայր եկեղեցի։ Սակայն այս այցելութիւնը շատ հեռու եղաւ հայրապետական, խաղաղ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այցելութենէ մը, քանի որ ապահովութեան ուժերուն կողմէ եկեղեցւոյ դարպասի ճաղերէն անդին պահուած խումբ մը ցուցարարներ, որոնք փութացած էին իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու Գարեգին Բ.ին, անդադար կը վանկարկէին «Կըտ-րի՛ճ, հե-ռա-ցի՛ր», «Կըտ-րի՛ճ, ա-նա-մօ՛թ»։
Նման վանկարկումներու տարափին տակ էր, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը զինք մինչեւ եկեղեցւոյ դռան առջեւ հասցուցած կառքէն իջնելով՝ մուտք կը գործէր եկեղեցի։
Աւելցնենք, որ Գարեգին Բ.-ին կ՚ուղեկցին չորս հոգեւորականներ՝ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Մուշեղ եպիսկոպոս Պապայեանը, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանը եւ Վեհափառ հայրապետի յանձնակատար Գրիգոր աբեղայ Մինասեանը։