Եպիսկոպոսաց ժողովը, որ պէտք է կայանար Դեկտեմբեր 10-12-ին, առժամաբար կը յետաձգուի։
Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը։
Կը նշուի, որ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եպիսկոպոսաց ժողովի գումարումը առժամաբար կը յետաձգուի՝ հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը եւ եպիսկոպոսներու խնդրանքը։
Նախապէս, Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը յայտնած էր, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին տնօրինութեամբ Դեկտեմբեր 10-12-ին պիտի գումարուի եպիսկոպոսաց ժողով՝ քննութեան առնելու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ վերջին զարգացումները եւ ներեկեղեցական կեանքին առնչուող հարցեր։