Դեկտեմբեր 9-ին, Փարիզի գործարարական դպրոցին (Paris Business School) մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ապագային նուիրուած համաժողով մը, որուն օրակարգի գլխաւոր նիւթը երկրի իշխանութիւններուն եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ սաստկացող հակամարտութիւնն էր։
Մեկնելով տուեալ իրավիճակէն, արծարծուած հարցումներն էին՝ ինչպէ՞ս կարելի է խաղաղ ճամբով լուծել այս տագնապը։ Ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ Եւրոպական Միութիւնը՝ նկատի ունենալով Հայաստանի ներկայի եւրոպական ձգտումները։
Համաժողովը կազմակերպուած էր ծանօթ քաղաքագէտ եւ հեռատեսիլի մեկնաբան, փրոֆ. Ֆրետերիք Անսէլի հրաւէրով։ Քննարկումները կեդրոնացան միջազգային յայտնի իրաւաբան Ռոպըրթ Ամսթըրտամի զեկոյցին վրայ, որ անձամբ ներկայ էր համաժողովին։
Ամսթըրտամ, որպէս իրաւապաշտպան (նախապէս ներկայացուցած է ռուս ընդդիմադիր Միխայիլ Խոտորքովսքին եւ այլ այլախոհներ), բուռն քննադատութեան ենթարկեց Հայաստանի իշխանութիւնները։ Ան ոչ միայն խստօրէն քննադատեց Հայաստանի ղեկավարութիւնը, այլեւ ուղղակի մեղադրեց Եւրոպական Միութիւնը՝ վարչապետ Փաշինեանին աջակցելուն համար, հակառակ Հայաստանի մէջ արձանագրուող մարդկային իրաւանց խախտումներուն։
Անոր յայտարարութիւնները պատճառ դարձան Եւրոպական խորհրդարանի անդամ (Էմանիւէլ Մաքրոնի կուսակցութենէն) Նաթալի Լուազոյի բուռն հակազդեցութեան, որ նոյնպէս կը մասնակցէր համաժողովին։ Լուազօ մերժեց ԵՄ-ի հասցէին ուղղուած քննադատութիւնը եւ կոչ ուղղեց Հայաստանի ներքին խնդիրները լուծելու խաղաղ եւ ժողովրդավարական միջոցներով։ Ամսթըրտամի եւ Լուազոյի միջեւ բանավէճը որոշ կիրք մը հաղորդեց քննարկումներուն։
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան պաշտպանեց Ամսթըրտամի դիրքորոշումը։ Ան բաժնեց իր անձնական փորձառութիւնը՝ Հայաստանէն արտաքսուելուն մասին, ներկայի կառավարութեան քաղաքականութեան հետ իր անհամաձայնութեան պատճառով։ CCAF-ի փոխնախագահ Արա Թորանեան եւս խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի իրավիճակին վերաբերեալ եւ խօսեցաւ հոն առկայ քաղաքական բանտարկեալներու մասին։
Յայտնի միջազգային իրաւաբան Ֆրանսուա Տէվէճեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան կը պայքարի իր անկախութեան համար դժուարին պայմաններու մէջ՝ եօթանասունամեայ համայնավարական իշխանութենէն ետք։ Ան, հիմնուելով աշխարհաքաղաքական փաստարկներու վրայ՝ յայտնեց, թէ ըմբռնումով կը մօտենայ Փաշինեանի կառավարութեան ռազմավարութեան։ Ամերիկաբնակ ծանօթ հայ գործիչ Սիմոն Ռիզքալլա անդրադարձաւ հայոց պատմութեան ողբերգական էջին՝ 1915-ի Ցեղասպանութեան։ Ան յիշեցուց բարի կամքի տէր մարդոց կողմէ հայ ժողովուրդին ցուցաբերուած օգնութիւնը։ Հայերու պատմական առաքելութիւնը ճանչնալու եւ հաշտութեան ուղղուած անոր կոչը ջերմօրէն ընդունուեցաւ սրահին մէջ։
Ֆրանսացի փաստաբան Շառլ Գոնսինյի, որ յայտնի է մամուլի մէջ իր համարձակ ելոյթներով, ներգրաւուած է հայկական հարցերու մէջ՝ պաշտպանելով հանրածանօթ դէմքեր եւ քննադատելով Հայաստանի դատական համակարգը, յատկապէս հայ-ռուս գործարար Սամուէլ Կարապետեանի գործով, զոր ան որակեց քաղաքական մեքենայութիւն։ Փարիզի Փաստաբանական կաճառի անդամ Գոնսինյի արդէն հրապարակաւ արտայայտուած է Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին մասին։
Կարելի է ըսել, որ համաժողովի բոլոր մասնակիցները խորին յարգանքով ընդունեցին Ֆրանսայի Կրթութեան նախկին նախարար Ժան-Միշէլ Պլանքէի խօսքերը։ Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի ժողովուրդին յանձնառութիւնը Հայաստանի հանդէպ, յատկապէս 1915-ի Ցեղասպանութեան լոյսին տակ, եւ կոչ ուղղեց լուծելու Հայաստանի ներքին խնդիրները։
Համաժողովի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը խիստ բառերով բնորոշեց վարչապետ Փաշինեանի ներկայ քաղաքականութիւնը Հայաստանի հոգեւոր ղեկավարութեան նկատմամբ։ Ոմանք նշեցին երկրին բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը։ Եւ բոլորը խաղաղութիւն մաղթեցին Հայաստանին։
***
Ամէն ինչ յստակ է, կը կարծենք։ Ակներեւօրէն, Հայաստանի իշխանութեանց վրայ մաղձ թափելու յաւելեալ առիթ մը ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէր այս համաժողովին կազմակերպումը, յատկապէս նկատի ունենալով ընտրութիւնը՝ խօսելու հրաւիրուած անձերուն, որոնք երկրին իշխանութեանց նկատմամբ խիստ քննադատական վերաբերում ունին։
Եթէ առնելու ըլլանք անոնցմէ իւրաքանչիւրին պարագան առանձին-առանձին, CCAF-ի համանախագահներունը արդէն ծանօթ է։ Ինչ կը վերաբերի Ամսթըրտամին եւ Գոնսինյիին, նշենք միայն հետեւեալը։ Նախ անդրադառնանք առաջինին. կարդալով որ ան պաշտպանած է ռուս ծանօթ ընդդիմադիր (Փութինի) Խոտորքովսքին եւ ուրիշ այլախոհներ, մարդ ինքնաբերաբար կը հակի մտածելու, թէ գանատացի իրաւաբանը բռնատէրերու դէմ թունդ սկզբունքներով զինուած անձ մըն է։ Բայց եկէք տեսէք, որ այդ նոյն անձը 2016-ին ընդունած է Էրտողանի նման ղեկավարի մը պատուէրը եւ միջազգային ծաւալուն ու խիստ արշաւի մը գլուխը անցած է ընդդէմ անոր գլխաւոր ընդդիմադիր Ֆեթհուլլահ Կիւլէնին։
Իսկ Գոնսինյիի պարագան եւ դրդապատճառները շատ պարզ են ու կապուած՝ իր հացին, ասպարէզին հետ։ Արդարեւ, ան փաստաբանն է Սամուէլ Կարապետեանի։
Բնականաբար, անոնք որոնք պիտի փափաքին հակաճառել այս էութեան դէմ, պիտի պնդեն, որ Գոնսինյի իր համոզումներուն ու սկզբունքներուն պատճառով է, որ ընդունած է այդ պաշտպանութիւնը։ Շատ լաւ, բայց որքանո՞վ համոզիչ պիտի ըլլար նման պնդում՝ դատումը կը թողունք ձեզմէ իւրաքանչիւրին։
Որպէս եզրափակում. ձեռնարկ մը՝ կազմակերպուած ուղղակի կամ անուղղակի կերպով՝ «հայութեան շահերու նախանձախնդիր»-ներու կողմէ, որոնք ըստ երեւոյթին որոշած են եւ ուզած «արտածել»՝ արտաքին աշխարհին հասանելի դարձնել իրենց անձնական դիրքորոշումներով «երանգաւորուած» Հայաստանի պատկերը,«փոքր շահն ալ շահ է» ֆրանսական առածին զուգահեռ տրամաբանութեամբ՝ «փոքր վնասն ալ վնաս է» սկզբունքով առաջնորդուած։
Եւ դեռ ինչ ըսել երեւոյթին մասին, որ փոխանակ ղեկավարի կոչում վայելող հայերու՝ հայոց շրջանակէն դուրս անձեր, ինչպէս օրինակ Նաթալի Լուազօ, կ՚արտայայտեն ճիշդ, իմաստուն ու ողջամիտ մօտեցում, ըստ որուն նման հարցեր Հայաստանի ներքին խնդիրներն են, պէտք է լուծուին ներքին կարգով։