ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ — Գիրքը՝ մշակութային ինքնութեան ցուցիչ

Տարե­վեր­ջին գիրքի տօ­նավա­ճառ­ները ի­րա­րու կը յա­ջոր­դեն, ինչպէս՝ Ար­մէն՚լիվրը, ՈՒՔՖԱՖ-ի, Շէնի տօնա­վաճառները, որոնք Նոր տա­րուան առ­թիւ իբր նուէր գիրք եւ այլ զար­դեր ձեռք բե­րելու լաւագոյն առիթ­ներ են։

Տա­րեվեր­ջի նուէր ըլ­լա­լէ ան­դին, յատ­կա­պէս գիր­քը, գրա­կանու­թիւնը, գի­րը, հա­մայնքի մտա­ւորա­կան, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քի կեն­սունա­կու­թեան ցու­ցիչ են։ Ինչպէս շատ բա­ցայայտ կեր­պով կը յու­շեն Մար­սի­լիոյ Նոթր-Տամ տը լա Կար­տի թան­գա­րանին մէջ բա­ցուած «Շար­ժունակ մշա­կոյ­թի մը Հայ­կա­կան գան­ձե­րը 1512-1828» ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յացուած հրա­տարա­կու­թիւննե­րը, որոնք ընդգծուած ձե­ւով ցոյց կու տան թէ հա­յերու կող­մէ տպագ­րութեան որ­դեգրու­մը ինչպէ՛ս առաջ­նորդեց մշա­կու­թա­յին զար­թօնքի։ Նոյնպէս՝ Պո­րիս Աճէ­մեանի հե­ղինա­կած վեր­ջին գիր­քը «Գրա­դարա­նը եւ վե­րապ­րո­ղը», որ կը ներ­կա­յաց­նէ տես­լա­կանն ու աշ­խա­տան­քը Արամ Ան­տո­նեան մտա­ւորա­կանին, որուն հա­մաձայն՝ գիր­քին կեն­սա­գոր­ծող նե­րու­ժը առիթ կ՚ըն­ծա­յէ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած տա­րագիր հա­յու­թեան ինքզինք վե­րագտնե­լուն, հե­տեւա­բար կը նա­խաձեռ­նէ Նու­պար մա­տենա­դարա­նի հիմ­նադրու­թեան։ Գիր­քը ու գի­րը հիմ­նա­կան դեր կա­տա­րած են հայ­կա­կան մշա­կոյթին մէջ. օրի­նակ­նե­րը շատ են Մաշ­տո­ցէն, Մխի­թարեան­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ Փա­րիզի մէջ «Յա­ռաջ» թեր­թի հիմ­նադրու­թիւնը Շա­ւարշ Մի­սաքեանի կող­մէ, որու հա­մար մա­մու­լը հայ­րե­նիքը վե­րակեր­տե­լու մի­ջոց էր։

Պէյ­րութի մէջ եւս կազ­մա­կեր­պուած էր Դեկ­տեմբե­ր 6-13 Հա­մազ­գա­յինի հա­յերէն գիր­քի փա­ռատօ­նը։ Փա­րիզի ու Պէյ­րութի գիր­քի տօ­նավա­ճառ­նե­րուն ցու­ցադրուած գիր­քե­րը փաս­տա­ցիօրէն կը յու­շեն ինքնու­թե­նական կա­րեւոր հո­լովոյթ մը՝ Հա­յաս­տա­նէն դուրս հա­յերէ­նով հրա­տարա­կուած գիր­քե­րու քա­նակին ծայ­ր աստի­ճան նուազու­մը։ Պատ­ճա­ռը՝ հա­մացան­ցը կամ ձայ­նա­գիր­քե­րը չեն։ Փա­րիզի տօ­նավա­ճառ­նե­րուն նոր հրա­տարա­կու­թիւններ շատ էին հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի մա­սին, սա­կայն՝ ֆրան­սե­րէնով, նոյնն է պա­րագան ԱՄ­Ն-ու մէջ անգլե­րէնով հրա­տարա­կուած գիր­քե­րուն։ Իսկ Պէյ­րութի Հա­մազ­գա­յինի կազ­մա­կեր­պած հայ գիր­քի փա­ռատօ­նին ցու­ցադրուած գիր­քե­րու պատ­կե­րը հա­կառա­կը ցոյց կու­ տար՝ անոնց 99 տո­կոսը հա­յերէն էr, հա­զուա­գիւտ էր այլ լե­զուով գիր­քե­րու ներ­կա­յու­թիւնը։ Սա­կայն, քիչ էին նոր հրա­տարա­կուած գիր­քերը։ Եթէ կա­յին ալ, անոնք մեծ մա­սամբ ան­հա­տական կամ հե­ղինա­կային հրա­տարա­կու­թիւններ էին։ Հա­յաս­տա­նէն Պէյ­րութ հրա­ւիրուած երեք հրա­տարա­կիչ­ներուն՝ արե­ւելա­հայե­րէնով հա­յաս­տա­նեան նոր հրա­տարա­կու­թիւննե­րն էին, որ կը փայ­լէին։ Հա­յերէն գիր­քե­րու հրա­տարա­կիչ­նե­րու նուիրուած կլոր սե­ղանին «Բու­կի­նիստ»-ի հիմ­նա­դիր տնօ­րէնը նոյ­նիսկ յայ­տա­րարեց, որ 2025-ը կը հան­դի­սանայ վա­ճառ­քի լա­ւագոյն տա­րին, իր հրա­տարակ­չա­տան պատ­մութեան մէջ։

Դեռ մօտ ան­ցեալին Պէյ­րութի մէջ Սփիւռքը գտած էր իր մայ­րա­քաղա­քը, իր լե­զուն, սա­կայն քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մը, Մի­ջին Արե­ւել­քի քա­ղաքա­կան ան­կա­յու­նութիւ­նը, իս­րա­յէլեան յար­ձա­կումնե­րը, Պա­ղես­տի­նեան հար­ցը, դրա­մատ­նա­յին ճգնա­ժամը եւ 2019-ին նա­ւահան­գիստի պայ­թումը մե­ծապէս վնա­սեցին տեղ­ւոյն հա­յու­թեան, մղե­ցին գաղ­թի դէ­պի Հա­յաս­տան եւ Արեւմտեան ափե­ր, նօս­րացնե­լով գա­ղու­թը։ Այ­սուհան­դերձ, Լի­բանա­նը եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի կարգ մը նօս­րա­ցած հայ հա­մայնքնե­րը, ինչպէս նաեւ Պո­լիսը, պա­հեցին հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ինքնո­ւրոյ­նութիւ­նը, պահպանեցին արեւմտա­հայե­րէնը իբր մայ­րե­նի։ Լի­բա­նա­նի պա­րագա­յին՝ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու ցան­ցը, Առա­քելա­կան, Կա­թու­ղի­կէ կա­թողի­կոսու­թիւննե­րու ներ­կա­յու­թիւնը, Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րանը, ինչպէս նաեւ երեք աւան­դա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու զօ­րաւոր ներ­կա­յու­թիւնը, լի­բանա­նեան ըն­կե­րու­թեան հա­մայնքա­յին կա­ռոյ­ցը, Այն­ճար գիւ­ղաւանը, զօ­րաւոր ազ­դակներ են հայ­կա­կան ինքնու­թեան, հա­յախօ­սու­թեան պահ­պանման ի նպաստ. եւ հա­կառակ այս բո­լոր ազ­դակնե­րուն, հայկական մշա­կու­թա­յին կեան­քը շատ աղ­քա­տացած է Պէյրութի մէջ, բաղ­դա­տած Երե­ւանի, նոյ­նիսկ Փա­րիզի, եւ այս երե­ւոյ­թը տե­սանե­լի էր ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յացուած գիր­քե­րուն տե­սականիէն։

Հա­կա­ռակ թո­ւային գի­­տու­­թեան յե­­ղափո­­խու­­թեան, գիր­­քը դեռ կը պա­­հէ իր հմայ­­քը։ Շատ բան կը բա­­ցայայ­­տէ հա­­մայնքին մա­­սին, որուն ծո­­ցին մէջ ծնունդ առած է։ Հա­­կառակ քա­­ղաքա­­կան տա­­րակար­ծութիւննե­­րուն՝ պէյ­րութա­հայու­թիւնը կը յե­նի Երե­ւանի, պահ­­պա­­­նելու հա­­մար իր հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ինքնու­թիւնը։ Սփիւռ­քի միւս հա­մայնքնե­րուն ինքնու­թիւ­նը,– լե­զուա­կան ու գի­տակ­ցա­կան,– նոր սաղմ­նա­ւոր­ման ըն­թացքի մէջ է, ուր եւս Երե­ւա­նի գոր­ծօ­նը անու­րա­նալի է։

Ժ.Չ. ■