Սիմոն Աբգարեան պիտի մարմնաւորէ Զօրավար Տը Կօլը՝ պատմական նոր ֆիլմաշարի մը մէջ

Ֆրանսահայ ծանօթ դերասան Սիմոն Աբգարեան ստանձնած է Զօրավար Շառլ տը Կօլի դերը՝ «La Bataille de Gaulle» (Տը Կօլի ճակատամարտը) խորագրեալ պատմական մեծածաւալ նախագիծին մէջ, որ կը նկատուի 2026-ի ամենասպասուած ֆիլմերէն մէկը։

«Le Chant du Loup»-ի բեմադիր Անթոնէն Պոտրիի հեղինակած այս գործը բաղկացած է երկու ֆիլմէ։ Նիւթը կը սկսի 1940-ի Յունիսին, երբ Ֆրանսան պառակտուած էր նացիական Գերմանիոյ հետ զինադադարէն ետք։ Ֆիլմը լոյս կը սփռէ Դիմադրութեան շարժման «ստուերային» հերոսներուն՝ ըմբոստ ուսանողներու եւ վճռական զինուորներու վրայ, որոնք մերժեցին հպատակիլ նացիներուն։

Աբգարեանի կողքին, ֆիլմին մէջ հանդէս պիտի գայ աստղային կազմ մը, ներառեալ՝ Պընուա Մաժիմէլ, Մաթիէօ Քասովից, Անամարիա Վարթոլոմէյ եւ Թիերի Լերմիթ։

Երկու մասէ բաղկացած այս կոթողային գործը պիտի ցուցադրուի 2026-ի ամռան. առաջին մասը՝ «L’Âge de fer» (Երկաթէ դար), նախատեսուած է Յունիս 10-ին, իսկ երկրորդը՝ «J’écris ton nom» (Քու անունդ կը գրեմ), Յուլիս 3-ին։