Խաժակ արքեպիսկոպոս. «Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ եւ պետութեան դերերու յստակացումը ոչ մէկուն նշանակութիւնը կը չի նուազեցնէ»

Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան անդրադարձած է եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն.

«Այսօր քաղաքական դերակատարներ երբեմն կը փորձեն օգտագործել եկեղեցւոյ խորհրդանիշերն ու լեզուն՝ իրենց օրակարգերը յառաջ մղելու համար, կամ հակառակը՝ կը յարձակին եկեղեցւոյ վրայ՝ իրենց մրցակիցները տկարացնելու նպատակով։

Սա կը վնասէ թէ՛ եկեղեցւոյ հոգեւոր հեղինակութեան, թէ՛ ժողովրդավարական բանավէճի որակին։

Ազգային լուրջ մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջանին՝ անվտանգային սպառնալիքներու, ընկերային դժուարութիւններու, զանգուածային արտագաղթի եւ չլուծուած հաւաքական ցնցումի պայմաններուն մէջ, Հայաստանին անհրաժեշտ են թէ՛ արդիւնաւէտ պետութիւն, թէ՛ արժանահաւատ եկեղեցի։

Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ եւ պետութեան դերերու յստակացումը ոչ մէկուն նշանակութիւնը կը նուազեցնէ։ Ճիշդ կերպով իրականացուելու պարագային, ան պիտի նպաստէ, որ երկուքն ալ ծառայեն աւելի ազնիւ եւ արդիւնաւէտ՝ կանխելով թէ՛ քաղաքական իշխանութեան, թէ՛ հոգեւոր հեղինակութեան հաւանական չարաշահումները։

Այսպէսով, ժողովուրդը՝ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ ամբողջ Սփիւռքի մէջ, պիտի կարենայ դիմաւորել ապագան աւելի հանդարտ մտքով եւ աւելի հաստատուն սրտով»։