«Պատերազմի փոխարէն առեւտուր կ՚ընենք»

 

Ազերպայճանական պենզինը շուտով կը հասնի Հայաստան

Ազերպայճանական «Socar» ընկերութեան պենզինով բեռնուած 22 վակոններով գնացքը Դեկտեմբեր 18-ին մեկնած է Ազերպայճանէն եւ ուղղուած է դէպի Հայաստան։ Այս մասին յայտարարած է Պաքուն։ Լուրը աւելի ուշ հաստատած է նաեւ ՀՀ Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը, նշելով որ վառելիքը Հայաստան պիտի հասնի Վրաստանի տարածքով։

Ազերպայճանէն կը ներածուի «AI-95» տեսակի պենզին, որ ըստ նախարարին՝ բարձր որակի է։ Գործարքը ունի բացառապէս առեւտրային բնոյթ եւ իրականացուած է Նոյեմբեր 28-ին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի փոխվարչապետներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ։ Առաջին խմբաքանակը կը կազմէ շուրջ 1300 թոն, սակայն գնորդ ընկերութեան անունը դեռ չէ հրապարակուած։

“Գործարքը սկսած է. եկէք արձանագրենք, որ պատերազմի փոխարէն առեւտուր կ՚ընենք։ Պատերազմը կորուստներ են, առեւտուրը՝ բարեկեցութիւն”,– յայտարարած է նախարար Պապոյեան՝ ընդգծելով, որ տնտեսական գործակցութիւնը հաստատուած խաղաղութեան գործնական ցոլացումն է։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս ողջունած է այս զարգացումը՝ նշելով, որ թէեւ առեւտուրը կ՚ընթանայ մասնաւոր ընկերութիւններու միջեւ, սակայն քաղաքական պայմանները ստեղծուած են խաղաղութեան շնորհիւ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ տարանցման հարցերուն՝ յայտնելով, որ եթէ Վրաստանի երկաթուղային սակագիներու հարցը չլուծուի, գործարարները կրնան այլընտրանքային ուղիներ փնտռել։

Ազերպայճանական կողմը եւս շեշտած է, որ այս քայլը ցոյց կու տայ խաղաղութեան գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը։ Ըստ նախարար Պապոյեանի, այլ ապրանքատեսակներու ներածման հարցը եւս քննարկման փուլի մէջ է։