Ֆրանսական Զարգացման Գործակալութիւնը (AFD) Երեւանի «Երեւան Փլազա» պանդոկին մէջ պաշտօնապէս բացաւ իր նոր գրասենեակը։ Բացման արարողութեան ներկայ էին ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին, AFD-ի տարածաշրջանային տնօրէն Մաթիէօ Վասիէօրը եւ հայ պաշտօնատարներ։
2013-էն ի վեր Հայաստանի մէջ գործող AFD-ն մինչ օրս տրամադրած է 555 միլիոն եւրօ վարկ եւ մօտ 30 միլիոն եւրօ աջակցութիւն։ Գործակալութեան ծրագրերը կը կեդրոնանան կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի, ջրային պաշարներու կայուն կառավարման, ուժանիւթային անցումի եւ հանրային ֆինանսներու բարելաւման վրայ։
Հանդիսութեան ներկայ՝ Հայաստանի Ելմտական նախարարի տեղակալ Էտկար Մկրտչեան նշեց, որ նոր գրասենեակի բացումը կը վկայէ Ֆրանսայի վստահութեան մասին՝ Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն նկատմամբ, եւ պիտի արագացնէ համատեղ ծրագրերու իրականացումը։
Օլիվիէ Տըքոթինյի շեշտեց, որ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին կայուն է եւ անվերապահ։ Ան յիշատակեց Վեդիի ջրամբարի կառուցումը՝ որպէս յաջող օրինակ եւ նմանցուց համագործակցութիւնը «ֆիլմ»-ի մը, ուր տարբեր կառոյցներ կը լրացնեն զիրար։
Մաթիէօ Վասիէօր անդրադարձաւ իրագործուած ծրագրերուն, ինչպէս՝ ջրային համակարգի բարելաւումը եւ բնակարանային գանձատրումը 17.000 ընտանիքներու համար։ Ան նաեւ նշեց, որ յառաջիկային պիտի իրականացուի WAIDA ծրագիրը՝ գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով։
Անոր կարծիքով՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային խրթին պայմաններու տակ, համատեղ յանձնառութիւնը՝ կայուն, ներառական եւ տոկուն զարգացման գործին մէջ, լիարժէք իմաստ կը ստանայ։ Ըստ իրեն՝ գրասենեակը լոկ աշխատավայր մը չէ, այլ ան կը հանդիսանայ համագործակցութեան շարունակականութեան, մտերմութեան եւ վստահութեան խորհրդանիշը։ Ֆրանսական կողմը զայն նախագծած է իր գործընկերները ընդունելու համար, որոնց ներկայութիւնը միշտ ողջունելի պիտի ըլլայ նորաբաց գրասենեակին մէջ։ ■