Գարեգին Բ.-ի եղբօր՝ Եզրաս արք.-ի՝ KGB-ի գործակալի հանգամանքը ապացուցող փաստաթուղթ հրապարակուած է

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) ձեռքը գտնուող տուեալներու համաձայն՝ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եղբայրը՝ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը 1986-1988 ժամանակաշրջանին համագործակցած է KGB-ի հետ։

ԱԱԾ-ի համաձայն՝ բացի ատկէ, առկայ տուեալներուն համաձայն՝ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը ներկայիս ալ կապեր կը պահպանէ օտարերկրեայ պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչ որ կրնայ սպառնալիք հանդիսանալ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ շահերուն։ 

Կը յայտնուի, թէ ելլելով վերոգրեալէն՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցներու նշուած սպառնալիքները վերացնելու ուղղութեամբ։

Կից կը ներկայացուի Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի՝ համագործակցութեան հանգամանքը ապացուցող գաղտնազերծուած փաստաթուղթին օրինակը։