Պաքուի մէջ կը շարունակուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան «դատավարութիւն»-ը, որ արդէն մօտեցած է իր աւարտական փուլին։
Դեկտեմբեր 19-ին ելոյթ ունեցած են նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայան եւ զօրավար Դաւիթ Մանուկեան։ Անոնք չեն ընդունած իրենց դէմ յարուցուած մեղադրանքները ։
Արայիկ Յարութիւնեան հերքած է դատախազի մեղադրանքները 1993-ի Քելբաջարի դէպքերուն վերաբերեալ՝ նշելով, որ այդ մասին առաջին անգամ լսած է դատարանին մէջ։ Ան կը մեղադրուի ծանր յանցագործութիւններու, ներառեալ Գանձակի օդակայանի ռմբակոծման յանցանքով։
Դաւիթ Մանուկեան պնդած է, որ ներկայ չէ եղած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստերուն՝ ոչ իբրեւ մասնակից, ոչ ալ դէտ։
Նախապէս աւարտած էր նաեւ նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատաքննութիւնը։ Դատախազութիւնը անոր համար պահանջած է ցմահ բանտարկութիւն։ Վարդանեան իր որդւոյն յայտնած է, որ տեղի ունեցողը դատական գործընթաց չի համարեր ։
Միջազգային դատարաններու մէջ հայ գերիներու շահերը ներկայացնող Սիրանոյշ Սահակեան նշած է, որ գործընթացները քաղաքական պատուէր են, եւ Ազերպայճանի մէջ անկախ դատական համակարգ գոյութիւն չունի ։
Կը կանխատեսուի, որ նախկին ղեկավարներուն համար կը սահմանուի ցմահ ազատազրկում, իսկ 65 տարիքը անցած երկու նախագահներուն՝ 20 տարի բանտարկութիւն ։
Դատավճիռներու հրապարակումը կը սպասուի Յունուար ամսուան ընթացքին ։
Յիշեցնենք, որ բոլոր տեղեկութիւնները կը ստացուին բացարձակապէս միայն ազերպայճանական վերահսկուող մամուլէն, ինչ որ անհնար կը դարձնէ անկախ աղբիւրներէ ստուգումը։
Ներկայիս Պաքուի մէջ կը պահուին ընդհանուր առմամբ 23 հայեր, որոնցմէ 7-ին վճիռները արդէն կայացուած էին նախորդ տարիներուն։