Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճանցի պատուիրակները այցելած են Կապոյտ մզկիթ ու իւրացուցած զայն

«ԵւրոՆեսթ»-ի համաժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան գտնուող ազէրպայճանցի պատուիրակները այցելած են Կապոյտ մզկիթ եւ ընկերային ցանցերու իրենց էջերուն հրապարակած են լուսանկարներ։ Անոնք իրենց գրառման մէջ չեն վարանած իրանական մզկիթը որպէս ազէրպայճանական ներկայացնելու։

«Մենք այցելեցինք Կապոյտ մզկիթ եւ որքան որ մեզի ծանօթ է, այս մզկիթը ազէրպայճանական յուշարձան մըն է եւ միակը՝ որ պահպանուած է Երեւանի մէջ։  Հակառակ աղօթատեղիի պատերու արձանագրութիւններուն որ՝ ան կը պատկանի մէկ այլ պետութեան, սակայն անոր ճարտարապետութիւնը, պատերն ու ոգին մեզի կը պատկանին։ Մենք զգացինք այդ հարազատութիւնը եւ կ՚ենթադրենք թէ մզկիթն ալ այդ նոյն զգացումը ունեցաւ։ Մենք կը հաւատանք, որ անոր իրական տէրերը շուտով պիտի կարենան իրենց աղօթքը կատարել այս մզկիթին մէջ»,– գրած է ազէրպայճանցի երեսփոխաններէն մէկը։

 

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան արձագանգը

«Կապոյտ մզկիթը իրանական արուեստի խորհրդանիշ է» 

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը, արձագանգելով Կապոյտ մզկիթը ազէրական ներկայացնելու ազէրի պատուիրակներու փորձին, «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է.-

«Պատմութիւնով հետաքրքրուողները շատ լաւ գիտեն աւելի քան 200-ամեայ վաղեմութեամբ պարսկական արձանագրութիւններ ունեցող Կապոյտ մզկիթի ճարտարապետութեան բարձր մշակութային արժէքն ու ինքնութիւնը: Մեծ բարեբախտութիւն է, որ այս պատմական արձանագրութիւնները պահպանուած են։ Կապոյտ մզկիթը իրանական արուեստի խորհրդանիշ է»։

Իր գրառման մէջ դեսպանութիւնը յատկապէս վկայակոչած է Ազէրպայճանի մէջ Իրանի դեսպանութեան, ինչպէս նաև համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով զբաղող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի էջերը:

Իրանի դեսպանութիւնը նշած է նաև, որ Կապոյտ մզկիթը վերջին 3 տասնամեակներու ընթացքին կրկին սկսած է գործել որպէս Հայաստան բնակող մահմետականներու աղօթատեղի, և զբօսաշրջային գրաւիչ վայր է:

Այս նիւթին շուրջ եռալեզու` անգլերէն, հայերէն և պարսկերէն գրառումներ հրապարակած է նաեւ Ազէրպայճանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը։