Search
Close this search box.

Հայաստանի մէջ արեւմտահայ համայնքի մշակութային ու լեզուական ժառանգութեան պահպանումի հարցերը

«ՅԱՌԱՋ» Հիմնադրամի ստեղծումը

Երեւանի մէջ 2019-ին ստեղծուեցաւ «ՅԱՌԱՋ» հիմնադրամը իբրեւ «Նոր Յառաջ»-ի քոյր կառոյց, Հայաստանի մէջ գործակիցներ ունենալու եւ այդ միջոցով գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ ձեռք բերելու համար։ Հարցազրոյցներ՝ քաղաքագէտներու, մտաւորականներու, հեղինակներու, արուեստագէտներու, հրատարակիչներու, երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ գիրքերու, նոր հրատարակութիւններու ներկայացումներ, հեղինակներու հետ հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ…

Այդ ընթացքին, նկատելով տեղւոյն 20-30 հազար հաշուող արեւմտահայ համայնքի գոյութիւնը եւ անոր ուժականութիւնը, բնականաբար աշխատանքի նոր հորիզոններ բացուեցան։ Միջին Արեւելքէն, մա՛նաւանդ՝ Սուրիայէն ու Լիբանանէն, գործուն տարրերու ներգրաւումով աշխատանքները նոր թափ ստացան։ Հայաստանի մէջ արեւմտահայ համայնքին մշակութային կարիքները հոգալու գաղափարը յառաջ բերաւ արեւմտահայերէն մշակութային կեդրոնի մը հաստատման անհրաժեշտութիւնը.

ինչպէս Ֆրանսացիները, Ամերիկացիները, ունին իրենց մշակութային կեդրոնները, այնպէս ալ արեւմտահայ երիտասարդները եւ համայնքը կարիքը ունին իրենց մշակութային ժառանգութեան տէրը կանգնելու, զայն ծանօթացնելու եւ տեղացիներուն հետ բաժնելու, հանրային դաշտին մէջ լսելի դարձնելու, այդ մշակոյթով արտադրութիւնները շրջանառութեան մէջ դնելու։ Երեւոյթ մը, որ զգալի է գործի աշխարհին մէջ, ինչպէս՝ ճաշարանային, ուտեստի եւ կարգ մը ծառայութիւններու կալուածներուն մէջ։

Այս իրողութիւնները նկատի առած «ՅԱՌԱՋ» կեդրոնը պիտի փորձէ Միջին Արեւելքի քաղաքական յեղաշրջումներուն պատճառով Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ համայնքը խրախուսել, որ տէր կանգնի իր արեւմտահայերէնի ժառանգութեան, համախմբուելու առիթ ունենայ։ Կեդրոնը նոր գործառոյթներ պիտի ապահովէ ըստ առիթներու եւ կարելիութիւններու, որոնք կը ներկայանան։ Պիտի ունենայ արեւմտահայերէն գրադարան մը եւ գրախանութ մը։ Պիտի աշխատի իբրեւ արեւմտահայերէն գիրքերու տարածման կեդրոն։

 

«Յառաջ» եւ «Նոր Յառաջ» գործակցութիւն

Լրագրային գործակցութեան նախաքայլերուն զուգահեռ, հրատարակչական ասպարէզը դարձաւ «ՅԱՌԱՋ»-ի եւ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»-ի գործակցութեան առաջին կռուանը։ Վերջին տասնամեակին, Հայաստանի մէջ ընդհանրացաւ արեւմտահայերէն գիրքեր հրատարակելու երեւոյթը, թէ՛ արեւմտահայ դասական հեղինակներու՝ դասական ուղղագրութեամբ վերահրատարակութիւններով, թէ՛ ալ՝ արդի հեղինակներու։ Ուրեմն, Փարիզէն «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» եւ Երեւանէն «ՅԱՌԱՋ» կառոյցները նպատակայարմար գտան գործակցիլ՝ Սփիւռք-Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ, արեւմտահայերէնով լոյս տեսած գիրքերը շրջանառութեան մէջ դնելու մարզէն ներս։ Այս աշխատանքին Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը (ԳԿՀ) եւս իր նպաստը բերաւ, նկատի ունենալով արեւմտահայերէն գիրքերու շրջանառութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը։

 

«Զարդիս» մատենաշարի հրատարակիչի տագնապ

2019-ին «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» դառնալով հրատարակիչը Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան «ԶԱՐԴԻՍ» մանկապատանեկան մատենաշարին, հրատարակուած հատորները ցրելու տագնապին առջեւ գտնուեցաւ։ Հետզհետէ հայկական հրատարակչութեան իրականութեան ծանօթանալով երեւան եկաւ որ, առանց բացառութեան, բոլոր հայ հրատարակիչները նո՛յն՝ գիրք ցրելու տագնապին առջեւ կը գտնուին։ Համասփիւռքեան, չըսելու համար համահայկական իսկական տագնապ մը, որովհետեւ ո՛չ միայն Սփիւռքի զանազան ծագերու հրատարակիչները, այլեւ Հայաստանի հրատարակիչները եւս իրենց հրատարակած գիրքերը ցրելու խնդիր ունին։ Սոյն տագնապին լուծում մը գտնելու նախաձեռնեցին «ՅԱՌԱՋ»-ը եւ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»-ը, հիմքը դնելով «ՀՐԱՏԱՐ» կառոյցին, որ արեւմտահայերէն մանկապատանեկան գիրքերու շրջանառութեան հարթակ մըն է։

 

Սփիւռք-Սփիւռք գիրքերու ցրումի մարտահրաւէրը

Սփիւռքը բազմազան է ու աշխարհագրականօրէն հինգ ցամաքամասերու վրայ սփռուած էութիւն։ Սփիւռք-Հայաստան գիրքերու շրջանառութիւնը աւելի դիւրին է կարգաւորելը, քան թէ՝ Սփիւռք-Սփիւռք գիրքերու ցրումը։ Անցեալին փորձեր եղած են, ինչպէս՝ Համազգայինը որ մեկնարկած է «ԳՐԱՏԱՐ»-ը, սակայն, Լիբանանի քաղաքական կացութեան պատճառով, գործունէութիւնը սահմանափակ մնացած է։ Հաւանաբար այլ պատճառներ ալ կան։ Ներկայիս, Փարիզը աշխարհագրականօրէն աւելի կեդրոնական դիրք կը գրաւէ Սփիւռքի տարածքին։ Պէտք էր տեղէ մը սկսիլ։ Ֆրանսա-Երեւան գործակցութիւնը կորիզ մըն է, որ պէտք ունի ընդլայնուելու, նախ դէպի ԱՄՆ, որ Սփիւռքահայութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն է եւ աւանդական Սփիւռքի մեծագոյն գաղութը։ ԳԿՀ-ի հովանաւորութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կեդրոն մը հաստատելու նախնական ուսումնասիրութիւն մը իրագործման ընթացքի մէջ է…

Բնականաբար, Միջին Արեւելքը տակաւին կը մնայ արեւմտահայ հանրութեան կեդրոնը, օրրանը։ Անկէ է որ, զանազան պատճառներով, մա՛նաւանդ քաղաքական յեղաշրջումներու պատճառով, Սփիւռքի երկրորդ ցրումը տեղի ունեցաւ դէպի արեւմուտք եւ մասամբ դէպի Հայաստան։ Անկասկած Միջին Արեւելքը հիմնական անշրջանցելի կեդրոն մը պիտի հանդիսանայ, երբ տարածաշրջանը աւելի կայուն քաղաքական վիճակ մը ստանայ։

 

Երեւանեան արեւմտահայ համայնքին յայտնաբերումը

Զարմանալիօրէն արեւմտահայերէն գիրքերու շրջանառութեան նախաձեռնութիւնը ի յայտ բերաւ Երեւանի մէջ գոյացած շուրջ 20-30 հազար հաշուող արեւմտահայ համայնքը, որ նո՛յնքան ուշադրութեան կարիքն ունի, նո՛յնքան արեւմտահայ գիրքեր ընթերցելու պահանջն ունի։ Սոյն համայնքին մշակութային կարիքները բաւարարելը անհրաժեշտութիւն է, եւ ասկէ մեկնած՝ իսկական մարտահաւէր մըն է Հայաստանի մէջ ստեղծել արեւմտահայերէն մշակութային ժառանգութեան կեդրոն մը, որքան ալ շատերուն զարմանալի թուի հայրենիքի մէջ արեւմտահայ մշակութային կեդրոն մը հիմնելու այս նախաձեռնութիւնը։ Թերեւս ալ Սփիւռքի որեւէ մէկ կեդրոնի չափ հրատապ է հայրենիքի մէջ ստեղծել նման կեդրոն մը, հոն ուր ամէնուրեք Հայ կայ, Հայերուն հայրենի՛քն է, պետականութիւն կայ, բայց եւ այնպէս նաեւ՝ մեծագոյն կարիքը, որովհետեւ որքան ալ անհաւատալի թուի, Հայաստանի մէջ աւելի զգալի է արեւմտահայերէնի բացակայութիւնը, չըսելու համար անոր ժխտումը: Ինչպէս վերեւ ըսինք՝ բոլշեւիկներէն ժառանգ մնացած գործելակերպ մը, մտայնութիւն մը, որ լեզուական, ուղղագրական բռնատիրութեամբ ժխտած է նախասովետական շրջանի թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն մշակութային դարաւոր ժառանգութիւնը եւ անկէ մեկնած աւանդաբար շարունակած է վանել արեւմտահայերէնը հանրային դաշտէն։

 

Երեւանի «Յառաջ» արեւմտահայերէնի կեդրոնի ստեղծումը

«ՅԱՌԱՋ» կրթական ու ընկերային հիմնադրամը, 2021-ին Երեւանի մէջ կեդրոն մը ձեռք բերելով, իր գործունէութիւնը սկսաւ ծաւալել, արեւմտահայերէնի կեդրոն մը հիմնելու ծրագրով, որ պիտի հանդիսանայ Երեւան կեցութիւն հաստատած Միջին Արեւելքի հայ համայնքին եւ մա՛նաւանդ երիտասարդութեան հանդիպման վայրը, անոնց ընկերային ու մշակութային գործունէութեան ծառայութիւններ մատուցող կեդրոն։

 

Արեւմտահայ մանուկներու եւ պատանիներու շաբաթօրեայ աշխատանոց

Երրորդ կարեւոր գործունէութիւնը որ ուսումնասիրութեան ընթացքի մէջ է, Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ մանուկներու եւ պատանիներու շաբաթօրեայ աշխատանոց մը հաստատելն է, որպէսզի անոնք կարենան իրենց ընտանեկան լեզուն եւ արեւմտահայերէնի գիտութիւնը պահպանել եւ զարգացնել։ Պահանջը մեծ է վերջին շրջանին Սուրիայէն ու Լիբանանէն Հայաստան հաստատուած Հայութեան՝ նոր սերունդին մօտ արթուն պահելու համար արեւմտահայերէնի լեզուական ժառանգութիւնը։

«ՅԱՌԱՋ» արեւմտահայերէնի զարգացման կեդրոնին ստեղծումը «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»-ի հետ գործակցութեան նոր հորիզոններ կը բանայ, թէ՛ մտաւորական ու երիտասարդական ուժերու գործակցութեան, եւ թէ՛ լրատուական մարզէն ներս, ինչպէս՝ հարցազրոյցներ, նոր հրատարակութիւններու հեղինակներու հետ հանդիպումներ, տեսագրութիւններ։ 2021-ի ամռան շրջանէն սկսեալ, մի քանի ամսուան ընթացքին ի յայտ եկան Միջին Արեւելքի մէջ հասակ առած ու ապրած հոյլ մը մտաւորականներ, որոնք անծանօթ մնացած են Միջին Արեւելքէն դուրս, որոնք իրենց գիրքերը կը հրատարակեն Հայաստանի մէջ կամ Սփիւռքի, բայց եւ այնպէս գիրքի շնորհահանդէսը կը կատարեն Երեւան, ամռան ընթացքին Հայաստան այցելութեամբ։ Նոյնպէս, երիտասարդ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու հետ հանդիպումները բացառիկ առիթներ են հայախօս հին ու նոր սերունդին հետ շփումներ հաստատելու, անոնց ստեղծագործական աշխարհին հետ ծանօթանալու, զանոնք տեսագրելու եւ ծանօթացնելու «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»-ի էջերուն մէջ։

 

Յատկանշական գործակցութիւն Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրին (ՄՍԿՀ) հետ

«ՅԱՌԱՋ»-ը արեւմտահայ համայնքի կեդրոն հանդիսանալէ զատ, թատերական մարզէն ներս, արդիւնաւէտ գործակցութեան դաշտ մը հաստատեց Երեւանի Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրին (ՄՍԿՀ) հետ (ծանօթ իբրեւ՝ Բլէեան դպրոց), ուր 2021-ին դպրոցի տնօրէնութիւնը արեւմտահայերէնի ուսուցման դասընթացք մը հաստատած է, որուն համար պաշտօնի կոչած է Հալէպէն Հուրի Աթթարեանը, որ աւարտած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հայագիտական բաժինը եւ ներկայիս հեռակայ դրութեամբ կը հետեւի Ինալքոյի Masters-ի դասընթացքներուն։ Անցեալ տարեսկիզբին հաստատուած արեւմտահայերէնի դասընթացքը չորս ամիսէն իր դրական արդիւնքը տուաւ. ՄՍԿՀ-ի աշակերտներուն համար՝ դասական ուղղագրութեամբ արեւմտահայ գրականութիւն կարդալու, հասկնալու եւ բեմի վրայ ներկայացումներ տալու ոչ մէկ դժուարութիւն նկատուեցաւ։

Կրթահամալիրին մէջ, արեւմտահայերէնի ուսուցման զուգահեռ, աշակերտներուն հետ արեւմտահայ թատերագիրներու թատերական ընթերցումներու եւ ներկայացումներու ծրագրի մը հիմքը դրուեցաւ։ «ՅԱՌԱՋ» կեդրոնին կողմէ Ժիրայր Չոլաքեան ՄՍԿՀ-ի մէջ դպրոցական թատերական աշխատանքներ սկսաւ։ Առաջին աշխատանոցը տեղի ունեցաւ 2021 Հոկտեմբերի 19-էն 28, որուն ընթացքին թատերական ընթերցումի եղանակով աշխատցուեցաւ Լեւոն Շանթի «Ճամբուն վրայ» թատերգութիւնը, եւ երկրորդը, 2022 Յունուար 17-էն 26՝ Եղիա Գասպարեանի «Երուսաղէմի մէջ»-ը, որոնց մասնակցեցան դպրոցին բարձրագոյն եւ միջին կարգերու աշակերտները։ Աշխատանոցին աւարտին բեմադրութիւնները ներկայացուեցան դպրոցական համայնքին։ Կրթահամալիրի պատանիները ոգեւորութեամբ պատրաստեցին եւ ներկայացուցին երկու խաղերը։ Արեւմտահայերէնին հետ իրենց առնչութիւնը, ընտելացումը ընթացաւ հաճելի, խանդավառ ու ջերմ աշխատանքային մթնոլորտի մէջ: Սոյն գործակցութիւնը պիտի շարունակուի այս տարի եւ եկող տարիներուն ՄՍԿՀ-ի եւ այլ կրթական կառոյցներու հետ։

«Յառաջ»-ի եւ ՄՍԿՀ-ի «ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐ» կրթական հիմնադրամի միջեւ յուշագրի ստորագրում

Քաջալերուած ՄՍԿՀ-ի հետ գործակցութեան յաջողութենէն, «ՅԱՌԱՋ» կեդրոնը եւ ՄՍԿՀ-ի «ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐ» կրթական հիմնադրամը յուշագիր մը կնքեցին, որուն գլխաւոր նպատակն է Հայաստանի կրթական հաստատութիւններէն ներս եւ հասարակական կեանքին մէջ հայերէնի ամբողջական ընկալումը եւ ամրապնդումը, իր երկու ճիւղերով, ինչպէս նաեւ անոնց արմատը հանդիսացող գրաբարով։ Առ այդ, վերոնշեալ երկու կառոյցները նեցուկ պիտի կանգնին Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ համայնքին ներուժը գործնական եղանակով օգտագործելու, յօգուտ Հայաստան հաստատուած արեւմտահայ համայնքին, որ ան տեղւոյն վրայ կարենայ տէր կանգնիլ իր մշակութային ու լեզուական ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ այդ ժառանգութիւնը՝ կրթական հաստատութիւններէն ներս հասանելի, ուսանելի ու լսելի դարձնել։

Յուշագիրը կը նախատեսէ նաեւ Կրթահամալիրին մէջ տեղի ունեցած փորձը Հայաստանի մարզերուն մէջ կիրարկել, Հայաստանցի-սփիւռքահայ երախաներու համատեղ ուսումնական-հայրենագիտական ճամբարներ կազմակերպել, արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն միասնական ուղղագրութեան համար աշխատանքներ կատարել։ Այսպէսով, սովետական շրջանէն Հայաստանի մէջ անտարբերութեան եւ անուշադրութեան մատնուած լեզուաճիւղը պիտի վերագտնէ իր բնական տեղն ու զարգացման կարելիութիւնները։

Վերոնշեալ երկու կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը կը միտի Հայաստանի տարածքին կրթական հաստատութիւններու եւ մշակութային կեդրոններու մէջ լեզուական միջոցառումներ, թատերական ներկայացումներ, արեւմտահայ հեղինակներու հետ հանդիպումներ եւս կազմակերպել։

Յուշագրին մտայղացման եւ ի գործ ածման խթան էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ Լեզուի մասին ՀՀ օրէնքով նախատեսուած՝ արեւելահայերէն-արեւմտահայերէնի անբաժան գրական հայերէնի՝ կրթութեան ոլորտին մէջ առկայ հարցերուն լուծման կարելիութիւնը։

 

Հանդիպում՝ Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի, Մարզանքի նախարար Վահրամ Դումանեանի հետ

Յունուար 27-ին, «ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐ» հիմնադրամի եւ «ՅԱՌԱՋ» կեդրոնի պատասխանատուները՝ Աշոտ Բլէեան եւ էլիա Վարդանեան, Անի Բրդոյեան եւ Ժիրայր Չոլաքեան հանդիպում ունեցան Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարզանքի նախարար Վահրամ Դումանեանի եւ նախարարի տեղակալ Ժաննա Անդրէասեանի հետ։

Հանդիպումին նպատակն էր «ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐ» կրթական հիմնադրամին եւ «ՅԱՌԱՋ» արեւմտահայերէնի կեդրոնին գործակցութեամբ կրթահամալիրին մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր ծրագրի մշակման, արեւմտահայերէնի տարածման հարցին անդրադառնալ եւ վերջին տարիներուն յատուկ կարեւորութիւն ստացած նախագիծերու համապարփակ զեկուցում մը տալ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան 2021-2025 ծրագրին ծիրէն ներս արեւմըտահայերէնի յատուկ կարգավիճակ հաստատելու օրէնսդրական նախաձեռնութեան բովանդակութեան մասին լիարժէք տեղեկութիւն ձեռք բերել։

Այս հանդիպման առթիւ նախարարին ուշադրութեան յանձնուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան 2021-2026 ծրագրին մէջ ներառուած թիրախային ուսումնասիրութիւնը՝ Սփիւռքի ներուժը, կարիքներն ու ակնկալիքները իրագործելու կառավարութեան ցանկութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք արդիւնաւէտ գործակցութիւն հաստատելու համար հասցէական քաղաքականութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը։

Կառավարութեան նախագիծը կը հաստատէր, որ սփիւռքահայ երիտասարդութեան եւ մտաւորականութեան համար անհրաժեշտ է նոր ձեւաչափեր ստեղծել, ուր արեւմտահայերէնը եւս ունենայ իր ուրոյն դերն ու նշանակութիւնը։ Եւ վերջապէս արեւմտահայերէնին յատուկ կարգավիճակ տալու նպատակը ողջունելի գտնելով՝ հարկ էր տեղեկանալ, թէ ի՛նչ բովանդակութիւն կրնայ ունենալ նման կարգավիճակ մը։

Նախարար Դումանեան ու իր տեղակալը ողջունելի գտան արեւմտահայերէնի առնչութեամբ ՄՍԿՀ-ի եւ «ՅԱՌԱՋ» կեդրոնի գործակցութիւնը: Արեւմտահայերէնին յատուկ կարգավիճակ տալու օրէնսդրական նախագիծը տակաւին, ըստ երեւոյթին, չունէր որեւէ յստակ բովանդակութիւն։ Փոխնախարարը հաստատեց, թէ աւագ դպրոցի բարձր կարգերէն ներս կրթական ծրագիրը կ՚ընդգրկէ արեւմտահայ քանի մը հեղինակներու գրութիւններ: Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ եւս առկայ է արեւմտահայերէնի ուսուցումը, որուն՝ փափաքողը կամաւոր հիմքով կը հետեւի:

Իսկ ինչ կը վերաբերի նախակրթարանին՝ «Հանրակրթութեան մասին օրէնքի փոփոխութիւնը» յղումին ակնարկելով, նախարարին տեղակալը՝ Ժաննա Անդրէասեան նշեց որոշ հոգեբանական կամ այլ դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն համար օգնական ուսուցիչներ տրամադրելու միջոցը:

Այս հանդիպումը կարեւոր էր ու անհրաժեշտ՝ ըմբռնելու շատ կարեւոր ու իւրայատուկ իրավիճակ մը, որ արեւմտահայ համայնքը պէտք է ապաւինի իր անձնական ուժերուն՝ պահպանել կարենալու համար արեւմտահայ մշակութային ու լեզուական ժառանգութիւնը, գործակցելով Հայաստանի կրթական ու մտաւորական յառաջադէմ կառոյցներուն հետ։ Այս առումով Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրին ու անոր հիմնադիր Աշոտ Բլէեանի,– որուն անձնական ներդրումը շատ էական է կարծրացած դիրքեր ու կանխակալ դիրքորոշումներ շարժելու տեսանկիւնէն,– կարեւոր ներդրումը նո՛յնքան էական է Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ նորարար շունչ ու ոգեւորութիւն բերելու գործին մէջ։

Ժ.Չ. ■