Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էրտողան.– «Թուրքիա չի կրնար Ռուսաստանի և Ուքրաինայի միջև ընտրութիւն կատարել»

Ռուսական «Ռիա Նովոստի»-ի համաձայն՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Փետրուար 23-ին յայտարարած է, թէ Անգարա չի կրնար հրաժարիլ Ռուսաստանէն՝ հակառակ Ուքրաինայի շուրջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին։

“Մենք չենք կրնար Ռուսաստանի եւ Ուքրաինայի միջեւ ընտրութիւն կատարել։ Մենք քաղաքական, ռազմական և տնտեսական յարաբերութիւններ ունինք թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ՛ Ուքրաինայի հետ”։

Նշենք, թէ նոյն օրը Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հեռաձայնային զրոյց ունեցած են եւ անդրադարձած՝  Փութինի կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները ճանչնալու թեմային։

«Նախագահ Փութին ընդգծեց, որ անհրաժեշտ էր կայացնել այդ որոշումը, ի տես՝ Տոնպասի վրայ ուքրաինական իշխանութիւններու յարձակումին եւ Մինսքի համաձայնագրի պայմաններէն հրաժարելու կեցուածքին»,– նշուած է Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Թուրքիոյ նախագահին լրատու ծառայութիւններն ալ հաղորդած են, թէ Էրտողան նշած է որ՝ Անգարա չ՚ընդունիր Ռուսաստանի՝ երկու հանրապետութիւնները ճանչնալու որոշումը, նկատի ունենալով որ ան կը հակասէ Ուքրաինայի ինքնիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան: Ան ընդգծած է, թէ այդ քայլը սկզբունքային դիրքորոշում մըն է, իսկ արդիւնքներու պէտք է հասնիլ Մինսքի համաձայնագրերու հիման վրայ:

Էրտողան յայտնած է, թէ յառաջիկային կ՚ակնկալէ Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը Թուրքիա:

Կողմերը համաձայնած են շարունակելու շփումները տարբեր ձևաչափերով: