Փետրուար 21-ին, Հայաստան եւ Հարաւային Գորէա նշած են դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը։ Այս կապակցութեամբ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները գրաւոր կապ հաստատած են։
Կողմերը նշած են, թէ երկու երկիրներու միջև բարեկամական յարաբերութիւնները, հիմնուած ըլլալով փոխըմբռնումի և փոխադարձ յարգանքի վրայ, անցնող երեք տասնամեակներուն տարբեր բնագաւառներու մէջ յառաջխաղացք արձանագրած են, սակայն երկու երկիրներու օրակարգին վրայ տակաւին չօգտագործուած ներուժ գոյութիւն ունի: Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են առաւել զարգացնելու համագործակցութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային և թուայնացման մարզերուն մէջ։