Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արամ Ա. կաթողիկոս վարակուած է պսակաձեւ ժահրով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը պսակաձեւ ժահրով վարակուելու պատճառով ջնջած է յառաջիկայ իր հանդիպումները։

Այս առիթով Cilicia TV-ն Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-

«Նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պսակաձեւ ժահրի ախտանշաններ ցոյց տուած է հետաքննութեան, բժիշկներու թելադրութեամբ ջնջած է յառաջիկայ օրերուն ունենալիք իր հանդիպումները, ինչպէս նաեւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութեան»։