Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ ԱԳՆ.– «Կը յուսանք, որ Ռուսաստան-Ազէրպայճան հռչակագիրը յառաջ կը մղէ եռակողմանի յայտարարութեանց իրագործումը»

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան անդրադառնալով Ռուսաստանի եւ Ազէրպայճանի միջեւ Փետրուար 22-ին ստորագրուած հռչակագրին, հաղորդած է, թէ Հայաստան կը յուսայ որ երկու կողմերու դաշնակցային համաձայնութեան հռչակագիրը յառաջ կը մղէ եռակողմ յայտարարութիւններու իրագործումը։

“Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ հաստատուած միջպետական դաշնակցային համագործակցութիւնը, որը հիմնուած է ժողովուրդների դարաւոր բարեկամութեան վրայ, իր բնոյթով ինքնաբաւ է եւ որեւէ կերպ պայմանաւորուած չէ երրորդ երկրների հետ յարաբերութիւններով, եթէ կողմերը այդ յարաբերութիւնները չեն զարգացնում ի վնաս հայ-ռուսական դաշնակցութեան: Դրա մասին են վկայում նաեւ պատմութիւնն ու կնքուած փաստաթղթերը”,– շեշտած է Յունանեան` ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ դիրքորոշում ունի Հայաստանը հռչակագրի ստորագրութեան վերաբերեալ: