Ֆրանսայի ԱԳՆ պետական քարտուղար.– «Ֆրանսա, աւելի քան երբեք, Հայաստանի կողքին է»
Ֆրանսա–Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակին առիթով, Փետրուար 24-ին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Զբօսաշրջութեան, արտասահմանի Ֆրանսացիներու եւ ֆրանսախօսութեան պատուիրակ նախարար Ժան-Պաթիսթ Լըմուան յայտարարած է, թէ նախագահ Մաքրոնի հովանաւորութեամբ, մօտ ապագային Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆրանքեւհայկական խորհրդաժողով մը, որ նոր հեռանկարներ պիտի բանայ հայ երիտասարդութեան առջև եւ պիտի նպաստէ երկկողմ կապերու ամրապնդման։
“Արդէն երեսուն տարի է` Ֆրանսա, աւելի քան երբեք, Հայաստանի կողքին է` օգնելով անոր վերականգնելուն եւ դէպի ապագայ նայելուն։ Կեցցէ՛ ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնը։ Եւ ի գործ դէպի յառաջիկայ 30 տարիներ”,– նշած է ֆրանսացի դիւանագէտը։
Նախարար Լըմուան մանրամասնելով վերոնշեալ խորհրդաժողովին բովանդակութիւնը, տեղեկացուցած է, թէ ֆրանսական կողմը ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ստորագրած է տնտեսական համագործակցութեան՝ յանդուգն ճանապարհային քարտէս մը, եւ առ այդ տեղի պիտի ունենայ ֆրանսական և հայ քաղաքացիական հասարակութիւններու համագործակցութեան` «Յաւակնութիւններ. Ֆրանսա–-Հայաստան» (« Ambitions : France-Arménie ») խորագիրը կրող խորհրդաժողովը, որ ի մի պիտի բերէ երկկողմ յարաբերութիւններու հիմնական դերակատարները։ “Ես համոզուած եմ, որ ժողովը թոյլ պիտի տայ ի յայտ բերել նոր գաղափարներ եւ նոր նախագծեր”,– աւելցուցած է նախարարը։