Փետրուար 25-ին, Ռուսաստան կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակից զօրավար Սերկէյ Շոյկուի հետ:
Հանդիպումին՝ կողմերը անդրադարձած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն: Քննարկուած են հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան եւ հայկական բանակի արդիականացման ու բարեփոխումներուն առնչուող շարք մը հարցեր:
Կողմերը բարձր գնահատած են հայ-ռուսական դաշնակցային համագործակցութեան եւ քաղաքական երկխօսութեան կշռոյթը, Ռուսաստանի դերն ու ջանքերը` շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտ աշխատանքը: