Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, Փետրուար 28-ին հանրածանօթ exhibbit.com հարթակին վրայ կը բացուէր երկլեզու (յունարէն եւ անգլերէն) «Սումգայիթ 1988» խորագրով առժամեայ բացառիկ ցուցահանդէսը, նուիրուած՝ Ազէրպայճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հայերու զանգուածային ջարդերուն։
Այս մասին կը տեղեկանանք Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան Դիմագիրքի էջէն։