Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Մարտ 9-ին Փարիզ հրաւիրած է՝ մասնակցելու Ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան խորհրդաժողովին։
Էմանիւէլ Մաքրոն նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Հայաստանին, որ հրապարակուած է Ֆրանսայի Երեւանի դեսպանատան կողմէ։
Ուղերձին մէջ Ֆրանսայի նախագահը շեշտած է, որ ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր սերտ բարեկամութեան շնորհիւ վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին երկու երկիրները կառուցեցին ամուր, բազմազան եւ հեռանկարային գործընկերութիւն ապագայի համար։ ■