Մարտ 5-ին, «Մենք ենք մեր սարերը» յուշահամալիրի տարածքին, Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութեան երիտասարդական թեւը կազմակերպած է խաղաղ ցոյց՝ ի պաշտպանութիւն Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններու ճանաչման իրաւունքի:
«Արդարութեան» երիտասարդականի ղեկավար Արշակ Աբրահամեան ողջունած է Ռուսաստանի կողմէ նշեալ շրջաններու անկախութեան ճանաչումը և յոյս յայտնած, որ յաջորդիւ կը ճանչցուի Արցախի Հանրապետութիւնը:
“Արցախցին իր հողում անկախ ապրելու իրաւունքը հաստատել է՝ երեք պատերազմներում հերոսաբար պաշտպանելով այն: Մենք ողջունում ենք Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին քաղաքականութիւնը եւ չենք ընդունում Արեւմուտքի վերաբերմունքը Ռուսաստանի նկատմամբ. նկատի ունենք կիրառուող բոլոր պատժամիժոցները, ինչպես նաեւ ՕԹԱՆ-ի հետագայ ընդարձակումը դէպի Ռուսաստանի սահման՝ օգտագործելով Ուքրաինայի իշխանութիւններին”,– նշած է Ա. Աբրահամեան: