Ազէրպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Պաքուի մէջ դատուող Հայաստանի քաղաքացիներ Իշխան Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Ռաֆայէլեանի նկատմամբ,– որոնց դէմ յարուցուած են կեղծ եւ շինծու մեղադրանքներ,– Մարտ 5-ին դատավճիռ արձակուած է:
Ըստ տեղեկութիւններու՝ Սարգսեան դատապարտուած է 19, Ռաֆայէլեան՝ 18 տարի բանտարկութեան։ Հայ ռազմագերիները 9 տարի իրենց պատիժը պիտի կրեն բանտին մէջ, իսկ մնացեալը՝ ազատազրկման խստացուած պայմաններու մէջ։
Պաքու հայ տղաքը կը մեղադրէ «2021 Մայիսին Ազէրպայճանի սահմանը խախտելու, ինչպէս նաեւ Քարվաճառի (Քելբաջարի) շրջանէն անցնող ազէրպայճանական ուժերու մատակարարման ուղիներու ականապատման յանցանքներով»։