Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ. «Ակօս»-ի խմբագիրներէն Բագրատ Էսդուգեանի դէմ հետաքննութիւն բացուած է

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի վերջին թիւէն կը տեղեկանանք, թէ անոր հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի դէմ հետաքննութիւն բացուած է «Demokratik Modernite» եռամսեայ հանդէսին մէջ ստորագրած մէկ յօդուածին պատճառով: Բագրատ Էսդուգեան,– որու ուղեկցած են փաստաբաններ Էօզճան Քըլըչ ու Սէրճան Քորքմազ,– ցուցմունք տուած է Պոլսոյ Գլխաւոր դատախազութեան: 

Յօդուածը հրատարակուած է «Demokratik Modernite»-ի 2021 Յուլիս-Օգոստոսին լոյս տեսած թիւին մէջ, որ կը կրէր «Պատերազմի տեսութեան բացառիկ» ընդհանուր խորագորը: Էսդուգեանի յօդուածը կը կրէր «Շատէն՝ եզակի, առկայէն՝ չգոյութիւն, կամ խճանկարէն՝ մարմար. Թուրքիա» խորագիրը։ «Ակօս»-ի հայկական բաժնի խմբագիրը կը մեղադրուի «ահաբեկչութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարել»-ու մեղադրանքով:

Ըստ Էսդուգեանի՝ ինք կը մեղադրուի «[քրտական] YPG, YPJ կերիլլաները» արտայայտութիւնները գործածելուն պատճառով, եւ պնդած է, որ այդ մէկը չի կրնար յանցագործութիւն նկատուիլ:

Անոր փաստաբաններէն Քորքմազ ալ իր կարգին դիտել տուած է, որ Էսդուգեանի գործածած եզրը (կերիլլա) կը գործածուի Թուրքիոյ Լեզուական կաճառին կողմէ,  որ կը նշանակէ փոքր ստորաբաժանում եւ թեթեւ զէնքերով զինուած խումբը՝ կանոնաւոր բանակի դէմ:

Միւս փաստաբանն ալ Գլխաւոր դատախազութեան դիմած է, որ չեղեալ նկատէ հետապնդումը ու դատի չդիմէ:

Իր դէմ յարուցուած հետաքննութեան մասին խօսելով «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութեան՝ Էսդուգեան ըսած է, որ հարցը կը վերաբերի նո՛յնիսկ եզրաբանութեան հանդէպ անհանդուրժողութեան: “Իշխող կարգերը կ՚ուզեն որ՝ ամէն մարդ հարցերը սահմանէ այնպէս, ինչպէս իրենք կը սահմանեն: Բայց այդ մէկը ներհակ կ՚ըլլայ յօդուածի էութեան, մտքին ու գաղափարին: Երբեմն ոմանք տուեալ անհատ մը գործարար կ՚անուանեն, ուրիշներ այդ նոյն անձը կ՚անուանեն մաֆիական: Ուրեմն, ի՞նչ ընել: Մարդը իրօք մաֆիական է, բայց այլ տեսանկիւնէ դիտուած` կ՚ընկալուի գործի մարդ: Երբեմն այդ նոյն մարդուն համար նաեւ բարերա՛ր կ՚ըսեն: Ահա, հո՛ս է հարցը”,– ըսած է Էսդուգեան: