Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ. Վարչապետ Փաշինեան–նախագահ Մաքրոն հանդիպումը

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 9-ին Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ։

Հանդիպումին, երկու երկիրներու ղեկավարները ընդգծած են «Յաւակնութիւններ՝ Ֆրանսա-Հայաստան» խորհրդաժողովին կայացման կարեւորութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ ան խթան կը հանդիսանայ տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման:

«Փոխադարձ վստահութեան եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած հայ-ֆրանսական համագործակցութիւնը յառաջիկային առաւել կը զարգանայ՝ միացեալ տարբեր նախագծերու իրագործումով»,– նշուած է այս առթիւ վարչապետի աշխատակազմի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: 

Վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, թէ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է ֆրանսական գործարարութեան՝ հայաստանեան շուկային մէջ ներկայութեան ընդլայնումով, մասնաւորաբար՝ զբօսաշրջութեան, ջրամբարաշինութեան, եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ:

Իր կարգին, նախագահ Մաքրոն ընդգծած է բարեկամ Հայաստանի հետ մարդասիրական եւ տնտեսական կապերը խորացնելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնն ու հետաքրքրութիւնը:

Կողմերը անդրադարձած  են նաեւ Արցախի եւ հայ-ազէրպայճանական սահմանին տիրող կացութեան: Վարչապետը անթոյլատրելի համարած է իրավիճակը լարելու որեւէ փորձ և նշած, որ թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ հայ-ազէրպայճանական սահմանին Ազէրպայճան կը շարունակէ գրգռիչ գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով ալ հայկական կողմը Մարտ 7-ին ունեցաւ նոր զոհ մը եւ վիրաւոր մը:

Երկուստեք շեշտած են անհրաժեշտութիւնը Արցախեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ, եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու իրագործման: 

Վարչապետը եւ նախագահը անդրադարձած են նաև միջազգային զարգացումներուն:

*  *  *

Հոս նշենք, որ վարչապետին գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեան, Տարածքային կառավարման և ենթակառոյցներու նախարար Գնէլ Սանոսեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարզանքի նախարարի տեղակալներ՝ Արայիկ Խզմալեան, Արթուր Մարտիրոսեան եւ  պաշտօնատար այլ անձեր:

 

Նիկոլ Փաշինեան յարգանքի տուրք մատուցած է Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջածիրին մէջ, Մարտ 9-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Մոնֆոր Լամորիի (Իվըլիններու նահանգ)  գերեզմանատունը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին:

Այս մասին վարչապետը գրած է Դիմագիրքի իր էջին, կից տեղադրելով նաեւ այցին տեսանիւթը։