Մարտ 9-ին, Ազէրպայճանի զինեալ ուժերը տարբեր տրամաչափի զինատեսակներով կրակ բացած են հայ-ազէրպայճանական սահմանի արեւմտեան հատուածը գտնուող հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով՝ հակառակորդը լռութեան մատնուած է։
ԱՐՑԱԽ. Խնուշինակ գիւղը՝ թշնամիի ականանետերու թիրախ
Մարտ 9֊ին, Արցախի հանրապետութեան (ԱՀ) Մարտունիի շրջանի Խնուշինակ գիւղի ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն ազէրպայճանական կողմը խախտած է հրադադարը` կրկին օգտագործելով 60 մմ. տրամաչափի ականանետ։ Չորս ական արձակուած է։
ԱՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ հայկական կողմէն տուժածներ չկան։