Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրքիա 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած սուրիացի վարձկաններ ղրկած է Ուքրաինա

Թուրքիա, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած սուրիացի վարձկաններ ղրկած է Ուքրաինա՝ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու համար:

Լուրը հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ին, յղում ընելով Սուրիոյ ընդդիմութեան աղբիւրներուն:

Աղբիւրը յիշեցուցած է, որ Թուրքիա Սուրիայէն աւելի քան երկու հազար զինեալներ ուղարկած էր Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու նպատակով, եւ այդ զինեալներուն մեծ մասը պատերազմի աւարտէն յետոյ մնացած է Ազէրպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ:

«Թուրքիա այդ զինեալներուն մէկ մասը ղրկած է Ուքրաինա՝ բանակին կողքին պատերազմին մասնակցելու համար»,– հաղորդած է նոյն աղբիւրը:

Ըստ երեւոյթին, Ուքրաինա հասած զինեալները ներգրաւուած են այդ երկրին կողմէ ստեղծուած օտարներու զօրագունդին Légion étrangère-ին մէջ, պատերազմի սկսելէն յետոյ։