Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ. Փաշինեանի հանդիպումը Շառլ Միշէլի հետ

Վարչապետ Փաշինեան իր աշխատանքային այցի աւարտէն առաջ ոչ-պաշտօնական հանդիպում մը ունեցած է Փարիզ գտնուող Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ։

Կողմերը քննարկած են Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող օրակարգային տարբեր հարցեր:

Վարչապետը ներկայացուցած է Արցախի և հայ-ազէրպայճանական սահմանին տիրող առկայ իրավիճակն ու անընդունելի համարած՝ Ազէրպայճանի կողմէ վերջին օրերուն շարունակուող գրգռիչ գործողութիւնները:

Հանդիպումին, անդրադարձ եղած է նաեւ միջազգային իրադարձութիւններուն։