Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճանական կողմէն արձակուած արկը պայթած է Արցախի  Փառուխ համայնքի  շէնքերէն մէկուն բակին մէջ

Ազէրպայճանական կողմէն արձակուած 60 մմ. տրամաչափով արկը պայթած է Արցախի Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղի շէնքերէն մէկուն բակին մէջ, պատճառելով՝ բարեբախտաբար միայն նիւթական վնասներ։ Լուրը հաղորդած է Արցախի դատախազութիւնը, տեղեկացնելով թէ՝ իրաւապահները կը շարունակեն Ազէրպայճանի յանցաւոր արարքներու փաստագրութեան եւ ապացոյցներու ամրագրման աշխատանքը: ■